թուրքիան Հայաստանի հետ Խաղաղութիւն Չ՝ուզեր, թուրքիան Կ՝ուզէ Տիրել Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու միութեան համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը «Հայ Կեդրոնի Ձայն» հաղրոդման ժամանակ անդրադարձած է CCAF-ի գործունէութեան, իր հեղինակած՝ «էրտողանի ռեժիմը. Սպառնալիք Ֆրանսային» աշխատութեան, դաշնակցականներու մուտքը Հայաստան արգելքին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու:

Խօսելով Դաշնակցութեան այսօրուան մարտահրաւէրներուն մասին՝ Մուրատ Փափազեան ըսած է,- «Պայքարը պէտք է շարունակել: Թէ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ պէտք միաւորուին բոլոր առողջ ուժերը, որպէսզի փրկենք հայրենիքը, որպէսզի փրկենք Արցախը: Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ աշխարհի վրայ ըլլայ հայ մը, որ համաձայն է, որ Արցախը ըլլայ ազրպէյճանի կազմին մէջ: Արդեօք աշխարհի վրայ փաշինեանէն զատ կա՞յ ուրիշ հայ մը, որ համաձայն է ատոր»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով