Մենք Օրէ Օր Մարդկայնական Խորացող Ճգնաժամի Ականատեսն Կը Դառնանք Եւ Չենք Կրնար Չբարձրաձայնել Այս Չարամիտ Գործողութիւններուն Մասին. ԱՄՆ Ծերակուտական

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան մասնակցած է ԱՄՆ Քոլոմպիայի համալսարանի Խաղաղութեան հաստատման եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնարանին կողմէ կազմակերպուած առցանց վեպինարին, որ իրականացուած է «Հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան կանխարգելում. ազրպէյճանը կը փակէ Լաչինի միջանցքը եւ Արցախը կը զրկէ կենսական պայմաններէ՝ ձգտելով հայաթափել զայն» խորագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի պետական նախարարին գրասենեակը:

Փետրվար 1-ի երեկոյեան կայացած քննարկման մասնակցած են նաեւ Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Վան Գրիգորեանը եւ ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Քրիս Վան Հոլէնը: Ձեռնարկը վարած է  Խաղաղութեան հաստատման եւ մարդու իրաւունքներու ծրագրի տնօրէն Տէյւիտ Ֆիլիփսը:

Ծերակուտական Քրիս Վան Հոլէնը, իր խօսքին մէջ նշած է, որ ականատես կ՝ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան հերթական դրուագին: «50 օրէն աւելի է՝ ազրպէյճանը Արցախի ժողովուրդը կը պահէ շրջափակման մէջ՝ զրկելով սնունդէ, դեղորայքէ եւ ամէնօրեայ անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարումէն: Շրջափակուածներուն մէջ են 30,000 երեխաներ, 20,000 տարեցներ եւ 9000 հաշմանդամ մարդ: Մենք օրէ օր մարդկայնական խորացող ճգնաժամի ականատեսը կը դառնանք: Մենք չենք կրնար չբարձրաձայնել այս չարամիտ գործողութիւններուն մասին»,- նշած է ան: