Հրատարակուեցաւ «Հայաստանի Պատմական Մշակութային Ժառանգութիւնը» Անգլերէն Ժողովածուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գրահրատարակչութեան ծրագիրով՝ 2022-ին մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագրին ծիրէն ներս հրատարակուեցաւ «Հայաստանի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» անգլերէն ժողովածուն:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ գիտական հանրամատչելի այս ժողովածուն նախատեսուած է ընթերցողներու առաւել լայն լսարանի համար: Առանձին յօդուածներու տարբերակով՝ ամփոփ, սակայն գիտական արդի ընկալումներուն համահունչ՝ ներկայացուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպ նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ընտրանին:

Ժողովածուն ընթերցողական լայն շրջանակներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բացայայտելու եւ ճանչնալու հայոց պատմութեան ու մշակոյթի որոշակի շերտեր:

Հրատարակութեան հազար օրինակ տպաքանակէն 500-ը առաքուած է արտերկրի մէջ գործող 500 գրադարանի: