Շրջափակուած Արցախի Մէջ 5103 Մարդ Մնացած է Առանց Աշխատանքի եւ Եկամուտի Աղբիւրի

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալները ահաբեկչական գործողութիւններով 52 օր շարունակ շրջափակման պայմաններու մէջ պատանդ կը պահեն Արցախի 120,000 բնակչութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։

Շրջափակման պատճառով Արցախի 120,000 բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30,000 երեխայ, 20,000 տարեց, 9000 հաշմանդամ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ, ի թիւս այլ իրաւունքներու խախտման, կանգնած է թերսնման եւ ցրտահարման մեծ վտանգի առջեւ:

Շրջափակման պայմաններուն մէջ սնունդի սրացող սղութեան պատճառով՝ Յունուար 9-էն փակուած է 41 մանկապարտէզ, 20 երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւն։

5528  երեխայ այլեւս չի կրնար մանկապարտէզ յաճախել՝ զրկուելով համապատասխան խնամք եւ սնունդ ստանալու հնարաւորութենէն:

Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով՝ նախնականօրէն առնուազն 5103 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։

Աւելի քան 20,400 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մատակարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը:

Շրջափակման մեկնարկէն ի վեր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտած են ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ կոչ ըրած վերացնելու շրջափակումը: Հարցը քննարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ստիպած է ազրպէյճանին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները վերացնելու շրջափակումը, հարցը շուտով պիտի քննարկուի նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Հաագա)՝ Ռասսայական խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթին ծիրէն ներս: