Լիբանանահայերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցին Ընդդէմ ազրպէյճանի (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանահայութիւնը այսօր իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին եւ բուռն կերպով դատապարտեց ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Արցախեան ազատամարտի բոլոր հանգրուաններուն լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն զօրակցած է, այլ նաեւ մասնակցած է Արցախի անկախութեան երթին: Ազատագրումէն ճանաչումի աշխատանքներ, բնակեցումէն ճանապարհաշինարարական ծրագիրներ, ենթակառուցուածքներէն կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտ` չկայ որեւէ մարզ, ուր մասնակցութիւն չէ ունեցած լիբանանահայութիւնը:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․

տեսանիւթը՝ 168.am-ի