Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ Բռնկած է. Կան Զոհեր (լուսանկար)

Աշխարհ, Սփիւռք

Յունուար 23-ին, ժամը 21։45-ի սահմաններուն, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին մէջ հրդեհ բռնկած է։ Հրշէջ-փրկարարները մարած են կրակը, սակայն որոնողափրկարարական աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերած են 2 մարդու դիակ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Դէպքի վայր ժամանած են Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի ղեկավար Մուսթաֆա Տէմիրէլլին եւ Թուրքիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Պօղոս Լեւոն Զեքիյեանը։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Տէմիրէլլին նշած է, որ հրդեհի յառաջացման պատճառները յայտնի չեն տակաւին։

Պոլսոյ նահանգապետարանի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ընթացքին տարհանուած է 4 մարդ, որոնցմէ ծուխէն տուժած 2-ը տեղափոխուած են հիւանդանոց։ Սկսած է հետաքննութիւն։ Նահանգապետարանը նաեւ ցաւակցած է եկեղեցական համայնքին եւ թաղամասի բնակիչներուն։