Թուրքիոյ ՍԴ-ն Մուսա Լերան Հայկական Գիւղերուն Ունեցուածքը Տէրերուն Վերադարձնելու Որոշում Կայացուցած է

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հակօրինական ճանչցած է Սամանտաղի շրջանին մէջ հայկական եկեղեցիին պատկանող կալուածները պետութեան փոխանցելու որոշումները։

Պոլսոյ «ԱԿՕՍ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ Վագըֆի եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ճէմ Չափարը նշած է, թէ իրենք մեծ ուրախութեամբ ընդունած են Սահմանադրական դատարանի որոշումը, քանի որ անիկա ոչ միայն եկեղեցիին պատկանող կալուածքներու վերադարձին մասին է, այլ նաեւ Մուսա Լերան հայկական գիւղերու շարք մը կալուածներուն։

Ան շեշտած է, որ Սահմանադրական դատարանի որոշման հիման վրայ
դատական գործընթաց պիտի սկսի 27 կալուածի վերադարձին համար։