13 Նորածին՝ Շրջափակման Մէջ Գտնուող Արցախի Մէջ

Հայաստան

Դեկտեմբեր 12-16 օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոններուն մէջ ծնած է 13 փոքրիկ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է Արցախի առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Անկելինա Իսախանեանը:

«Նորածիններէն 4-ը տղայ են, 9-ը՝ աղջիկ։ Ծնունդներէն 2-ը եղած են Մարտակերտի շրջանին մէջ, 1-ը՝ Մարտունիի, միւսները՝ Ստեփանակերտի»,-մանրամասնած է խօսնակը:

Անոր տեղեկութիւններով՝ առաջին բուժօգնութեան անհրաժեշտ դեղորայքն ու բժշկական պարագաները առայժմ բաւարար են, սակայն, անոնց մատակարարման տեսանկիւնէն մտահոգիչ է Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհին փակ մնալը: