«Արցախի Համար» Նախաձեռնող Խումբին Պահանջները՝ Մեծ Բրիտանիոյ Դեսպանին

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ, 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, «Արցախի համար» նախաձեռնող խումբի անդամ Տարօն Ղազարեան հրապարակած է ձեռնարկի մասնակիցներուն` Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանին ուղղուած նամակը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակին բովանդակութիւնը․

«Նորին գերազանցութիւն պարոն Ճոն Կալակերին

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան

Յարգելի դեսպան Կալակեր,

Արդէն հինգ օր է, որ Ազրպէյճանը փակած է Լեռնային Ղարաբաղի փրկութեան օղակը՝ բնիկ հայ բնակչութեան համար մարդկայնական աղէտ ստեղծելու մտադրութեամբ։ Ոչ մէկ սննդամթերք կամ բժշկական պարագաներ հնարաւոր է տեղափոխել: Բնապահպանական activist-ութեան կեղծ պատրուակով՝ խումբ մը ազրպէյճանցիներ փակած են Լեռնային Ղարաբաղը/Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան միացնող միակ ճանապարհը։ Ատիկա 120,000 բնիկ հայ բնակչութիւն ձգած է ամբողջական շրջափակման մէջ, իսկ հարիւրաւոր հայեր ձմեռնային ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ մնացած են ճանապարհին:

Աւելին, Դեկտեմբեր 13-ին, ազրպէյճանցիները փակեցին բնական կազի մատակարարումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։ Խաղաղ քաղաքացիները, հիւանդանոցները, դպրոցները, մանկապարտէզները, երեխաներն ու տարէցները միտումնաւոր զրկուած են ջեռուցումէ եւ տաք ջուրէ։ Այս տարեսկիզբին նոյն բանը ըրած են՝ ծայրայեղ ցուրտ եղանակի պայմաններուն ժողովուրդը մատնելով բառիս բուն իմաստով ցրտահարութեան։

Այսպիսով, Ազրպէյճանը հերթական անգամ կը խախտէ 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ հրադադարի յայտարարութիւնը՝ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգ տեղաշարժը երաշխաւորելու իր պարտաւորութիւնը։ Եթէ անմիջապէս չդադրեցուի՝ ազրպէյճանական սադրանքը անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ մարդկայնական աննախադէպ ճգնաժամի։ Վերջին 2 տարիներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ցեղական զտումներ կ՝իրականացնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան հանդէպ՝ օգտագործելով տարբեր եղանակներ, ինչպէս՝ ռազմական սադրանքներ, հոգեբանական ահաբեկչութիւն։ Այսօրուան սադրանքը ակնյայտօրէն այս ցեղասպան քաղաքականութեան մէկ մասն է.

Իբրեւ միջազգային հանրութեան անդամ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ, մենք սոյնով կոչ կ՝ընենք ձեզի

– հասցէագրուած եւ միանշանակ գնահատական տալ Ազրպէյճանի այս ցեղասպան քաղաքականութեան։

– օգտագործել դիւանագիտական եւ տնտեսական լծակներ՝ ստիպելու Ազրպէյճանին ապաշրջափակել միջանցքը եւ վերականգնել կազամատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ։

– պարզաբանել, թէ արդեօք բրիտանական ընկերութիւնները իսկապէս գնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Կաշեն եւ Դրոմբոն հանքավայրերը, որոնք փաստացի օգտագործուած են իբրեւ ազրպէյճանցիներու համար միջանցքը փակելու խեղճ պատրուակ։

Յարգանքներով՝

«Արցախի համար» նախաձեռնող խումբ»: