Թուրքերը Զայրացած են Netflix-ի Դրուագաշարէն, Ուր Երկրի Շրջանները Իբրեւ Հայկական Նշուած են

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան

Դրուագաշարը կը պատմէ հակազդեցիկ ինքնաթիռ շահելու յոյսով Pepsi-ի վիճակախաղին 20-ամեայ երիտասարդի մասնակցութեան եւ անոր յաջորդած իրաւական պայքարին մասին։

Թուրք հանդիսատեսը զայրացած է Netflix հարթակով հեռարձակուող «Pepsi, Where’s My Jet» դրուագաշարի առաջին դրուագը, ուր երկրի արեւելեան շրջանները նշուած են իբրեւ Հայաստանի տարածք։ Այս մասին, ըստ ՌԻԱ Նովըստի»-ի՝ կը յայտնէ Sabah թերթը։

«Դրուագաշարի առաջին բաժինի տեսարաններէն մէկը բուռն արձագանգ յառաջացուցած է թուրք հանդիսատեսին մօտ, քանի որ ներկայացուած քարտէզին մէջ Թուրքիոյ արեւելքի շրջանները նշուած եղած են իբրեւ Հայաստանի տարածք։ Դրուագաշարի թուրք համակիրները կտրուկ արձագանգած են հասարակական ցանցերու մէջ»,- գրած է պարբերականը։

Կը հաղորդուի, որ «ասիկա Netflix-ի հետ կապուած առաջին սադրանքը չէ»:
«Սուրիոյ մէջ «Մոսատ»-ի գործակալին մասին Netflix-ի «Լրտեսը» դրուագաշարի չորրորդ բաժինին մէջ պատին կախուած էր «մասնատուած» Թուրքիոյ քարտէզը։ Netflix-ի «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ամենակարեւոր իրադարձութիւնները» վաւերագրական ֆիլմին հինգերորդ բաժինով՝ աշխարհի քարտէզին վրայ հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը նկատուած է. Թուրքիան քարտէզի վրայ մասնատուած էր, իսկ բաժնուած հողերը նշուած էին իբրեւ Հայաստանի տարածք»,- գրած է թերթը։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը բացակային, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը փակ է 1993 թուականէն` Անգարայի նախաձեռնութեամբ: