Միքայէլ Ա. Գուրջեանի «Ամերիկացի»-ն՝ Միջազգային Փառատօնին Ճանչցուած է «Լաւագոյն Օտարալեզու Ֆիլմ»

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Գուրջեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը՝ Իտալիոյ «SALERNO» միջազգային փառատօնի պաշտօնական մրցութային ծրագիրով՝ արժանացած է «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգին (Winner Best Film): Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնէն։

Ֆիլմը կը պատմէ ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի՝ Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, դժբախտաբար, այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947թ., երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային կոմունիզմ կոչուող դաժան իրականութեան: Հայաստանի մէջ Չարլիին անմիջապես կը ձերբակալեն եւ կը դատապարտեն ազատազրկման: Իրավիճակին ամբողջ լրջութիւնն ու սարսափը գիտակցելով մէկտեղ՝ Չարլին պատահմամբ կը յայտնաբերէ, որ իր բանտախցի արտաքին պատը վնասուած է երկրաշարժի հետեւանքով՝ յառաջացնելով ճեղք մը, որուն մէջէն ան կը կարենայ տեսնել մօտակայ շէնքի բնակարաններէն մէկը, ուր կ՝ապրէին ամուսիններ՝ Տիգրանն ու Ռուզանը: Անոնք ալ կը դառնան Չարլին արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ օղակը: Չարլին կը սկսի հետեւիլ այդ զոյգի կեանքին, ճաշել, ուրախանալ, տխրիլ, երգել ու պարել անոնց հետ միաժամանակ, կը փորձէ ճանչնալ հայկական մշակոյթը, որ մինչ այդ անծանօթ էր իրեն:

Բեմադրիչ եւ սենարիստ՝ Միքայէլ Ա. Գուրջեան, operator՝ Ղասեմ Էբրահիմեան, դերասաններ՝ Յովիկ Քէուչկերեան, Միխայիլ Տրուխին, Նելլի Ուվարովա, Ժան-Փիեռ Նշանեան, producer-ներ՝ Արման Նշանեան, Սոլ Տրիոն, Փաթրիք Մալխասեան, Անի Որսկանեան, արտադրող ընկերութիւն՝ People Of Ar Productions: