Թուրք-ազրպէյճանական Համատեղ Զօրավարժութիւն

Աշխարհ

Թրքական եւ ազրպէյճանական զինուած ուժերը համատեղ զօրավարժութիւն կ՝իրականացնեն Ազրպէյճանի մէջ։ Վկայակոչելով ahaber.com.tr-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ երկու երկիրներու ուժային գերատեսչութիւններուն տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝  Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բանակային ստորաբաժանումները ռազմական համագործակցութեան պայմանագրի ծիրէն ներս՝ համատեղ զօրավարժանք սկսած են Պաքուի, Աստարայի, Ջաբրայիլի (Ջրական) եւ Իմիշլիի նահանգներուն մէջ։

Զօրավարժութեան ընթացքին մարտական տարբեր յառաջադրանքներ կը կատարեն ցամաքային եւ օդային ուժերը, յատուկ նշանակութեան զօրքերը, ճարտարապետական եւ հրթիռահրետանային ստորաբաժանումները։

Կը կիրառուին պատերազմի ժամանակակից մեթոտներ։ Նպատակ դրուած է ապահովել զօրքերուն համակարգումը պատերազմի ժամանակ, բարելաւել միջոցներու կառավարումը եւ կատարել փորձի փոխանակում՝ բարձրացնելով զինանձնակազմին մտարուեստութիւնը։