Երբեք Մուրճ Մի Օգտագործէք Զրուցակիցի Ճակատին Կանգնած Մժեղը Սպաննելու Համար․ Կեանքի Ոսկի Սկզբունքներ

Այլեւայլ

-Հայելիի սկզբունք. ուրիշները քննադատելու փոխարէն՝ նախ դուն քեզի ուշադրութիւն դարձուր:

-Ցաւի սկզբունք. վիրաւորուած մարդը ի՛նքը կը վիրաւորէ ուրիշները:
-Վերին ճանապարհի սկզբունք. մենք աւելի բարձր մակարդակի կ՝անցնինք, երբ ուրիշներուն հետ կը սկսինք վարուիլ աւելի լաւ, քան անոնք կը վարուին մեր հետ:
-Պումըրանկի սկզբունք. երբ մենք կ՝օգնենք ուրիշներուն, կ՝օգնենք մենք մեզի:
-Մուրճի սկզբունք. երբեք մուրճ մի օգտագործէք զրուցակիցի ճակատին կանգնած մժեղը սպաննելու համար:
-Փոխանակութեան սկզբունք. Ուրիշները իրենց տեղը դնելու փոխարէն՝ մենք պէտք է մեզի անոնց տեղը դնենք:
-Սորվելու սկզբունք. իւրաքանչիւր մարդ, որուն մենք կը հանդիպինք, կրնայ մեզի որեւէ բան սորվեցնել:
-Խարիզմայի սկզբունք. մարդիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն անոր հանդէպ, ով որ կը հետաքրքրուի իրենցմով:
-10 նիշի սկզբունք. մարդոց լաւագոյն յատկութիւններուն հանդէպ հաւատքը՝ անոնց կը ստիպէ ցոյց տալ իրենց լաւագոյն յատկութիւնները:
-Առճակատման սկզբունք. նախ հարկաւոր է հոգալ մարդոց, յետոյ միայն անոնց հետ առճակատման մէջ մտնել:
-Քարէ ժայռի սկզբունք. վստահութիւնը իւրաքանչիւր փոխյարաբերութեան հիմքն է:
-Վերելակի սկզբունք. Փոխյարաբերութիւններու ընթացքին՝ մենք կրնանք մարդոց վեր բարձրացնել կամ վար իջեցնել:
-Իրավիճակի սկզբունք. երբեք թոյլ մի տաք, որ իրավիճակը ձեզի համար աւելի մեծ
նշանակութիւն ունենայ, քան՝ փոխյարաբերութիւնը:
-Խրամատի սկզբունք. երբ մարտի կը պատրաստուիս, քեզի համար այնպիսի խրամատ փորէ, որպէսզի նաեւ ընկերդ տանիս հետդ:
-Հողագործութեան սկզբունք. բոլոր փոխյարաբերութիւնները հարկաւոր է մշակել:
-101 տոկոսի սկզբունք. որոնել 1 տոկոսը, որուն հետ մենք համաձայն ենք, եւ անոր ուղղել մեր ջանքերուն 100 տոկոսը:
-Համբերատարութեան սկզբունք. ուրիշներուն հետ ճամբորդելը միշտ աւելի դանդաղ է, քան միայնակ ճամբորդելը:
-Տօնելու սկզբունք. իրական փոխյարաբերութիւններու ստուգումը ո՛չ միայն հասկնալն է, թէ որքան հաւատարիմ ենք մենք ընկերներուն, երբ անոնք անյաջողութեան կը մատնուին, այլ այն, թէ որքան կ՝ուրախանանք, երբ անոնք յաջողութիւն կ՝ունենան: