Յունաստանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր Այցելած է

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը այսօր այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ԱԺ Եւրոպական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահին ուղեկցութեամբ:

«ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ հիւրերուն ներկայացուած են Ծիծեռնակաբերդի տարածքին անցեալ դարավերջին Ազրպէյճանի Սումգայիթ, Կիրովաբադ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ազրպէյճանական կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին տեղադրուած երեք խաչքարերուն եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն Յուշապատի դիմացի հատուածին վրայ յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներուն պատմութիւնները:

Եւրոպայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ յարգած Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Հիւրերը նաեւ շրջած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ծանօթացած են մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: Այցին աւարտին պատուիրակութեան անդամները գրառումներ կատարած են Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: