Աւելի Քան 25 Արուեստագէտներ Հալէպահայ Երաժշտասէր Հանրութեան Հրամցուցին Հայկական եւ Օտար Երաժշտական Ստեղծագործութիւններ

Սփիւռք

Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպիսկոպոս Աշգարեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 26 եւ 27 Նոյեմբերին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։

Աւելի քան 25 արուեստագէտներ, մեներգողներ հալէպահայ երաժշտասէր հանրութեան հրամցուցին հայկական եւ օտար տարբեր ոճի երգեր ու երաժշտական ստեղծագործութիւններ։ Հանդիսավարներ Մարմանդ Գեւոյեան եւ Քրիստ Փայասեան յայտագրի երգերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններով հարստացուցին ձեռնարկը։

Աւարտին հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, որ ներկայացուց խումբն ու նման ելոյթներու կարեւորութիւնը։

Ապա բեմավար Ժիրայր Կարապետեան հրաւիրեց սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելու։ Աւելի քան երկու ժամ տեւող Էսդրատային նուագախումբի ելոյթը առիթ հանդիսացաւ վայելելու երգի ու երաժշտութեան ընտիր նմոյշներ։