Պոլսահայ Երգչուհին Կը Ներկայացնէ «Կռունկ Բարով Դառնաս» Երգը

Հայաստան, Սփիւռք

Մարալ Այվազը պոլսահայ երգչուհի է: Վերջերս ան հրապարակած է իր նոր՝ «Կռունկ բարով դառնաս»՝ երգը։

Երգչուհին կը տեղեկացնէ, թէ մեծ ցանկութիւն ունեցած է սիրուած երգերու անմոռանալի հեղինակ Ալեքսէյ Հեքիմեանի նշեալ գեղեցիկ երաժշտութեան հետ ներկայացնելու համապատասխան պատկերներ՝ ստեղծելով բարձր զգացումներ։

Տեսահոլովակին հեղինակը Մարիամ Գէորգեանն է։

Երգի ձայնագրութիւնը իրականացած է Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրդ քաղաքին մէջ։ Մշակումը կատարած ու կիթառ նուագած եւ երգած է՝ Ֆրանքֆուրդաբնակ Հայ երաժիշտ Առէն Էմիրզէն: Իսկ տեսահոլովակին նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր վայրերու մէջ, ինչպէս՝ Սաղմոսավանքի տարածքին, Սեւանա լիճի կողքին եւ բարձունքներուն վրայ։

Տեսահոլովակը հովանաւորած է Պոլսահայ գործարար, բարերար Պարոն Տիգրան Կիւլմէզկիլը։