Արցախի Մէջ Անցեալ Շաբաթ Տարբեր Տեսակի ու Տրամաչափի Շուրջ 230 Հատ Ռազմամթերք Յայտնաբերուած է

Uncategorized

Արցախի Հանրապետութեան ՆԳ նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութիւնը ամփոփած է անցեալ շաբաթը․

Նոյեմբեր 14-21 ինկած ժամանակահատուածին ԱԻ պետական ծառայութեան Կեդրոնական ու տարածքային ստորաբաժանումներու 911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոններուն մէջ արձանագրուած է 801 զանգ, որոնց 19-ը՝ թեխնածին, 21-ը՝ կենցաղային բնոյթի:

Արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման խումբերը արձագանգած են կենցաղային եւ թեխնածին բնոյթի բոլոր ահազանգերուն՝ կատարելով փակուած 7 դրան եւ 4 վերելակի բացում, ազատ տեղաշարժի համար սահմանափակ կարողութիւն ունեցող մէկ քաղաքացի փրկարարներուն օգնութեամբ տեղափոխուած է բուժհաստատութիւն:

Հրշէջ փրկարարները, նոյն ընթացքին, կատարած են 10 ելք, որոնց 6-ը՝ բնակչութեան ջուր մատակարարելու նպատակով: Բաց տարածքի մէջ՝ չոր ենթատարածքներու հրդեհի 3 կանչ արձանագրուած է Մարտակերտի վերին ենթաշրջանին եւ Ասկերանի շրջանին մէջ: Բնակելի տարածքի մէջ՝ ելեկտրալարերու կարճ միացման պատճառով հրդեհի վերաբերեալ արձանագրուած է մէկ կանչ Մարտակերտ քաղաքի մէջ: Հրշէջ փրկարարներու կանխարգելիչ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնքում՝ կրակը մարած է ժամանակին:

Կեանքի համար վտանգ ներկայացնող սպառնալիքները կանխելու նպատակով՝ փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը՝ «Մարդասիրական ականազերծման կեդրոն» հիմնադրամի եւ «The Halo Trust» կազմակերպութեան սակրաւորներուն հետ կը շարունակեն հետախուզական, միաժամանակ յայտնաբերուած զինամթերքի ոչնչացման աշխատանքները: Անցեալ շաբթուան ընթացքին կատարուած է 10 ելք: Յայտնաբերուած է շուրջ 230 միաւոր տարբեր տեսակի ու տրամաչափի ռազմամթերք:

ԱԻ պետական ծառայութիւնը Հանրապետութեան ողջ տարածքին կ՝իրականացնէ շուրջօրեայ համակարգուած աշխատանք, նպատակ ունենալով ապահովելու բնակչութեան անվտանգութիւնն ու կանխելու սպասուող սպառնալիքները:

Բնակչութեան կանչերուն զուգահեռ, կեդրոնական ու շրջանային ստորաբաժանումներու ծառայողները ՆԳ նախարարի կարգադրութիւններով ու ԱԻՊԾ տնօրէնի հրամաններով՝ փրկարար ծառայողներու գիտական ու տեսական գիտելիքներու մակարդակը բարձրացնելու եւ բարելաւելու նպատակով, կ՝իրականացուին տարուան ծրագրով նախատեսուած բոլոր ուսումնական դասընթացներն ու ձեռնարկները: