ԱՄՆ-ի Քաղաքականութիւնը Պէտք է Համահունչ Ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան ու Կենսունակութեան. Հայ Դատի Յանձնախումբ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը Կովկասի հանդէպ պէտք է ամրապնդէ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներէն: Այս մասին կը նշուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ, որ ներկայացուած է Նոյեմբեր 16-ին կայանալիք տարածաշրջանի վերաբերեալ ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն համար:

«ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ պէտք է համահունչ ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կենսունակութեան` տարածաշրջանին մէջ առկայ գոյութենաբանական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի հանդէպ պէտք է առաջնահերթութիւն տայ այդ երկրի հաշուէտուողականութեան անցեալ եւ շարունակուող յանցագործութիւններուն համար: Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ի ներկայ, խորապէս թերի քաղաքականութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանին դասախօսութիւններ կ՝առաջարկէ ժողովրդավարութեան մասին, ԱՄՆ հարկատուներուն կողմէ ֆինանսաւորուող ռազմական օգնութիւն կ՝ուղարկէ բռնատիրական Ազրպէյճանին եւ բոլորովին օգնութիւն չի ցուցաբերեր վտանգի տակ գտնուող Արցախին: Ատիկա պէտք է փոխուի»,- նշուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ, որ ներկայացուած է կառավարական գործերու գծով տնօրէն Թերեզա Երիմեանի կողմէ:

Հայտարարութիւնը կ՝անդրադառնայ յանձնախումբի շարք մը առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս՝

  • Ազրպէյճանին ԱՄՆ-ի օգնութեան վերաբերեալ 907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու ամբողջական կիրարկում,
  • Արցախին 50 միլիոն ԱՄՆ տոլարէն ոչ պակաս ուղղակի մարդասիրական օգնութեան տրամադրում,
  • պաշտօնական հետաքննութիւն թրքական անօդաչու թռչող սարքերու հետ կապուած զէնքի արտահանման խախտումներուն շուրջ,
  • Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական յանցագործութիւններու հետաքննութիւն՝ ներառեալ արգիլուած զինամթերքի օգտագործումը, օտարերկրեայ վարձկաններու հաւաքագրումը, մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու պղծումները, ինչպէս նաեւ՝ հայ ռազմագերիներու անօրինական պահումը, անոնց հանդէպ բռնութիւնը եւ անոնց սպանութիւնը եւ այլն:

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի լսումները տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16-ին: Բանախօսներու շարքին են ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը: