Արսէն Յարութիւնեանը՝ Աշխարհի Մ23 Կրկնակի Ախոյեան (տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արսէն Յարութիւնեանը երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Sports.News.am-էն։

Սպանիոյ Բոնդեւետրա քաղաքին մէջ աւարտին հասնող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշպարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան 61 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Եւրոպայի կրկնակի ախոյեանը մրցեցաւ Խրխըզիստանի ներկայացուցիչ Թայրբեկ Ժումաշբեկ Ուուլուի հետ եւ լարուած պայքարին ընթացքին յաղթեց 7:5 հաշուով:

Մինչեւ գօտեմարտի երկրորդ մրցափուլի վերջին վայրկեանը Արսէն Յարութիւնեանը կը յաղթէր 3:0 հաշուով, բայց վերջին վայրկեանին խրխըզ մրցակիցը հաշիւը դարձուց 3:3 իր առաւելութեամբ: Գօտեմարտի վերջին վայրկեաններուն Արսէն Յարութիւնեանը յարմար բռնուածքով երկու 2-միաւորանոց գլորում կատարեց: Խրխըզ ըմբիշն ալ եւս 2 միաւոր աւելցուց իր հաշուին՝ Յարութիւնեանը երկու անգամ մրցագորգէն դուրս հանելով: Գօտեմարտը աւարտեցաւ 7:5 հաշուով՝ Արսէն Յարութիւնեանի փառահեղ յաղթանակով:

Աշխարհի Մ23 կրկնակի ախոյեանի տիտղոսը նուաճելէ ետք՝ Արսէն Յարութիւնեանը Հայաստանի դրօշով ախոյեանական շրջան կատարեց: