Փօլ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Նախագահ

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ խորհուրդի նախագահ ընտրեց Փօլ Գրիգորեանը, որ կը հանդիսանայ առաջին ամերիկահայը, որ կ՛ընտրուի այս հեղինակաւոր պաշտօնին։

Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ջերմօրէն շնորհաւորեց ամերիկահայութեան հպարտութեան առիթ ընծայող Գրիգորեանի ընտրութիւնը, զայն «պատմական իրադարձութիւն» մը որակելով։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց մօտէն գործակցելու Գրիգորեանի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միւս անդամներուն հետ, շարք մը դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքային իշխանութիւններուն մէջ հայութեան ձայնը աւելի ազդու դարձնելու նպատակներով։