«Յանձնառու Ազգային»-ի Կարիքը. Մտորումներ Սփիւռքի Տարիի Հռչակման Առթիւ․ Վիգէն Աբրահամեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նոր սերունդին նախ պէտք է տալ «Ազգային կրթութիւն», ճիշտ այնպէս, ինչպէս որոշ երկիրներու մէջ դպրոցական աշակերտներուն կը տրուի «Քաղաքացիական կրթութիւն», ուր անոնք կը սերտեն այբուբենը իրենց ապրելիք միջավայրի հաւաքական կանոններուն։ Հայեցի կրթութիւնը պէտք է անպայման ներառէ այս առարկան որպէս իր գլխաւոր նիւթերէն մին՝ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան կողքին կամ նոյնիսկ անոնցմէ վեր։

*

Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ լոյս տեսած են հայկական Սփիւռքի ժամանակակից հրատապ հարցերն ու մարտահրաւէրները քննարկման բովէ անցնող յօդուածներ։ Ստորեւ, վերոնշեալ յաւելուածին մէջ հրատարակուած «Հորիզոն»ի գրական յաւելուածի խմբագիր՝ Վիգէն Աբրահամեանի յօդուածը։

Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները եկան ընդգծելու հրատապութիւն մը, որ երեք տասնամեակէ ի վեր կ’անտեսէինք որովհետեւ հրապարակը աւելի աղմկալից հրատապութիւններով ողողուած էր. Սփիւռքի տեղը եւ դերը յետխորհրդային աշխարհին մէջ, երբ երկաթէ վարագոյրով սահմանազատուած հայութեան այլազան հատուածները հնարաւորութիւն ունեցան եօթ տասնամեակներու բաժանումէն ետք գործել որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէս մէկ հայութիւն։

Փորձե՞ր. անշուշտ եղան։ Բազմաթիւ փորձեր եղան սկսեալ 1991ի հայ գործարարներու առաջին համագումարէն մինչեւ Եղեռնի 100ամեակի ոգեկոչումները, անցնելով մի քանի (եթէ չեմ սխալիր՝ թիւով 6) ՀայաստանՍփիւռք համաժողովներէն։ Թէ ի՞նչ ծնաւ այդ համաժողովներէն՝ այլ խօսակցութեան նիւթ է, սակայն մէկ բան յստակ է. Հայաստանի վերանկախացումէն անցած է երեք տասնամեակ, երկաթէ վարագոյրի վերացումէն՝ քիչ մըն ալ աւելի, եւ տակաւին մեր մտքերուն մէջ առկայ է այդ վարագոյրը իր ամբողջ ահաւորութեամբ. այլապէս պիտի չշարունակէինք «ՀայաստանՍփիւռք» պարտադրեալ կաղապարին ընդմէջէն դիտել հարցերը, այլ անցած պիտի ըլլայինք աւելի ընդարձակ՝ համահայկական դիտանկիւնի։

Սփիւռքի տարի հռչակող իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ շատ դիպուկ մատնանշումներ կ’ընէ, որոնց հետ դժուար է չհամաձայնիլ։ Օրինակ. Վեհափառը յատկապէս կը շեշտէ թէ՝«Սփիւռքը կայուն իրականութիւն մը չէ, ան մնայուն փոփոխութեան մէջ է»։

Կը կարծեմ, որ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան մասին ոեւէ խօսակցութիւն պէտք է սկսիլ այս կէտէն։ Այո, Սփիւռքը կայուն չէ, ինչպէս որ կայուն չէ ամեն բան։ Մեր կեանքի ընթացքին՝ անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական, պատահած են բազմաթիւ իրավիճակներ, որոնք պիտի ուզէինք սառեցնել, ինչպէս կ’ըսեն՝ «անմահացնել», որովհետեւ շատ ախորժելի, հաճելի, «կատարեալ» իրավիճակներ են, սակայն կեանքը անշարժութիւն չի ճանչնար, ժամանակը կը թաւալի եւ մեր իրավիճակը կարճ ատենէն կը վերածուի այլ իրավիճակի, իր ետին թողնելով՝ միայն հաճելի յուշեր… Միշտ պէտք է յիշել, որ կեանքը լուսանկար չէ, այլ շարժանկար, ուր տեսարանները եւ դերակատարները անընդհատ փոփոխութեան մէջ են։

1980ականներու Սփիւռքը, 2000ի Սփիւռքը եւ 2020ի Սփիւռքը իրարմէ շատ տարբեր են, ինչպէս որ իրարմէ շատ տարբեր են 1980ի Հայաստանը, 2000ի Հայաստանը եւ 2020ի Հայաստանը։ Վստահ եմ, որ 2040ի Հայաստանն ու Սփիւռքը պիտի ըլլան բոլորովին տարբեր նախորդներէն, նոյն ատեն ըլլալով անոնց ուղղակի շարունակութիւնը։ Մեր հաւաքական կեանքին վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւնները բախած են եւ պիտի շարունակեն բախիլ այդ հիմնական ճշմարտութեան։ Մինչեւ առաջարկութիւններու բիւրեղացումը, անոնց շուրջ համախոհութեան գոյացումը, առաջարկէն ծրագրաւորում եւ ապա գործադրութիւն անցումը կատարուի, պատկերը մեծապէս փոխուած կ’ըլլայ, խնդրոյ առարկայ դերակատարները նոյնպէս, եւ գործադրուած ծրագիրը շատ յաճախ կ’ըլլայ ժամանակավրէպ։ Ուստի, որպէս կանոն, հրապարակի վրայ շրջանառուող տասնեակներով առաջարկներէն ու ծրագիրներէն քիչերն են միայն որ կը հասնին գործադրութեան հանգրուանին, իսկ այդ քիչերէն բացառիկները կը յարատեւեն զիրենք նախաձեռնողներէն յետոյ։

Յետադարձ ակնարկ մը մեր անցեալ երկու դարերու ազգային թէ համայնքային կազմակերպական զանազան փորձերուն եւ իրագործումներուն վրայ, ցոյց կու տայ թէ անհատական կամ խմբակային նախաձեռնութիւնները միշտ կ’ըլլան սահմանափակ իրենց տարողութեան եւ տեւողութեան մէջ։ Ամենաերկարատեւ եւ արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւնները միշտ ալ եղած են անոնք, որոնց կարկինը լայն բացուած է թէ՛ որպէս նախաձեռնութեան տարողութիւն, թէ՛ մանաւանդ որպէս նախաձեռնողներու եւ մասնակիցներու քանակ։ Այսինքն՝ նախաձեռնութիւնը կը դիմանայ այնքան ատեն, որքան կը դիմանան նախաձեռնողները. փոքր խմբակներու նախաձեռնութիւնները կը տեւեն, բախտաւոր պարագային, խմբակի անդամներու կեանքին չափ, իսկ աւելի յաճախ՝ մինչեւ խմբակի անդամներուն գժտութիւնը։ Իսկ երբ նախաձեռնութիւնները կու գան աւելի մեծ հաւաքականութիւններէ, կառոյցներէ որոնք ունին նաեւ սերնդափոխութեան եւ ինքնանորոգման սովորոյթներ՝ գրաւոր թէ անգիր, ապա այդ նախաձեռնութիւնները յաջողութեան շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն կ’ունենան։ Ակնյայտօրէն, անկախ նախաձեռնութեան էութենէն, անոր յաջողութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է զայն առաջադրողներու եւ ջատագովողներու կազմակերպուածութեան մակարդակէն։

Մեր արդի պատմութիւնը կարելի է կարդալ որպէս ազգային կազմակերպուածութեան ձգտում, սկսելով Շահամիրեանի առաջարկներէն՝ «Որոգայթ փառաց»ի սահմանադրական նախագիծէն, անցնելով 19րդ դարու առաջին կէսի Պոլսոյ խմորումներէն՝ արհեստաւորներու եւ ամիրաներու պայքարով դրսեւորուած, որոնք յանգեցան արեւելքի առաջին ժողովրդավար կառոյցին՝ 1860ի Ազգային Սահմանադրութեամբ բանաձեւուած, կուսակցութիւններու եւ այլ հասարակական կառոյցներու ձեւաւորմամբ, ապա պետականութեան վերականգնմամբ, տարագիր սփիւռքի կազմակերպմամբ եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը։ Այս աշխատանքներն էին, որ վեց դարեր պետականազուրկ ապրած հայութիւնը, որ օտար լուծի տակ կ’ապրէր որպէս կրօնական կառոյցներու շուրջ ծուարած հաւաքականութիւն՝ որպէս հօտ, մշտական հովւութեան կարիքը ունեցող բազմութիւն՝ զուրկ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու հնարաւորութենէն, — նոյնիսկ քրտական աշիրէթները այն անունով կը կոչէին իրենց ենթակայ հայերը. «ռայա» բառը ունի արաբերէն արմատ (ռա’իյա) եւ կը նշանակէ հօտ, հովիւի կողմէ հսկուող արածող կենդանիներու քանակ — այդ անդէմանդիմագիծ ամբոխէն, օսմանեան կայսրութեան բառամթերքով՝ «միլլէթ»էն, վերակերտեցին ԱԶԳը։

Բարացուցական է, որ 1860ի Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակները դիմեցին լեզուական նորարարութեան մը. «ազգային» ածականը վերածեցին գոյականի եւ սահմանեցին «Ազգային»ը որպէս գիտակից, յանձնառու հայը, որ կը հաւատայ ժողովրդավարօրէն արտայայտուող իր հաւաքական կամքին (նոյնիսկ «ազգայինճի» ածական մըն ալ ծնաւ, քիչ մը հեգնական, բնորոշելու համար ազգային հարցերուն մէջ շատ ներգրաւուածները)։ «Ազգ»ի եւ «Ազգային»ի այս լծակցութիւնը մեծ թռիչք էր հայ իրականութեան մէջ, որուն հանգամանքներէն շատեր տակաւին կը մնան ուսումնասիրութեան կարօտ։ Ան կը սահմանէր կացութիւն մը, ուր հայը կ’ունենար ինքնութիւն մը անկախ իր ապրած վայրէն. — ան կրնար ըլլալ թագաւորի մը հպատակը կամ պետութեան մը քաղաքացին, բայց կը համարուէր հայ ազգային մը՝ աշխարհի, որ անկիւնն ալ գտնուէր։ Եւ ան կ’օժտուէր ժողովրդավարական տարրական իրաւունքներով, ինքնակառավարման յստակ կառոյցներով եւ լծակներով, որ մեծագոյն թռիչք էին տակաւին միջնադարեան մտայնութիւններով ապրող Արեւելքին համեմատ։

Անշուշտ հայութեան արձանագրած այս որակական թռիչքը առաջին իսկ օրէն ունեցաւ իր հակառակորդները. հայութիւնը կ’ապրէր երեք բռնակալ կայսրութիւններու — օսմանեան, ռուսական եւ պարսկական, — տարածքներուն վրայ, որոնք հաշտ աչքով պիտի չնայէին իրենց համար վտանգաւոր այդ փոփոխութեան. այդ կայսրութիւններուն խորթ էր նոյնիսկ «քաղաքացի» յղացքը. իրենց պէտք էին սոսկ «հպատակ»ներ։ Հետեւաբար, 19րդ դարու երկրորդ կէսին, Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումէն ալ առաջ, արդէն փոխուած էր անոնց վերաբերումը իրենց հպատակ հայերուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք սկսած էին հաւաքաբար մտածել, իսկ հօտը պէտք չէ մտածէ։

Ըսել, թէ հայութիւնը միահամուռ որդեգրեց «ազգային» բառի գոյականացումը եւ հրաժարեցաւ վեց դարեր իր մէջ սրսկուած «միլլէթ»ի հոգեբանութենէն, անշուշտ սխալ է։ Մեր իրականութեան մէջ միշտ եղած է եւ տակաւին կայ շօշափելի հատուած մը, որ ինքզինք հանգիստ կը զգայ հօտին մէջ, կը սիրէ սպասել, որ մէկը իր փոխարէն որոշումներ կայացնէ. ինք շատշատ բաղձանք մը կ’արտայայտէ, խնդրանք մը՝ այն ալ նախընտրաբար ցած ձայնով, որպէսզի յանկարծ հովիւը չնեղանայ իրմէ եւ շուները չղրկէ իր վրայ։ Ինչպէս կ’ըսեն. փորը կուշտ, կռնակը չոր, ալ ի՞նչ կարիք կայ գլխացաւանքի մէջ մտնելու, մտածելու եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մասնակցելու։

* * *

Ժամանակին, երբ տակաւին երկրորդականի աշակերտ էի, լիբանանեան պատմութեան մեր ուսուցիչներէն իմացած եմ մի քանի դրուագներ շիա համայնքի 1950ականներու կեանքէն, դրուագներ՝ որոնք չէին գրուած դասագրքերուն մէջ, այլ պատմաբանները եւ ուսուցիչները բերնէբերան իրար կը փոխանցէին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերէր շիա բնակչութեամբ գիւղերուն, որոնք որպէս կանոն կ’ապրէին աւատատիրական կեանքով՝ մի քանի մեծ գերդաստաններու ղեկավարութեամբ։ Օրին մէկը, մի քանի գիւղերէ պատուիրակութիւն մը կ’երթայ իրենց «աղա»յին՝ Ահմատ էլԱսաատ բեկին քով, որ Խորհրդարանի նախագահն էր, խնդրելով որ միջնորդէ որպէսզի պետութիւնը դպրոց մը բանայ իրենց գիւղերուն մէջ։ Նոյնիսկ համաձայն էին, որ մի քանի գիւղին համար մէկ դպրոց ըլլար, սանկ՝ բոլորին մէջտեղը, միայն թէ իրենց երեխաները իրենց նման անգրաճանաչ չըլլային։ Ահմատ բեկ կը բարկանայ. «Ի՞նչ կ’ուզէք խեղճ երեխաներէն, ձգեցէք իրենց մանկութիւնը ազատ ապրին, ոչխար ու այծ արածեն մաքուր օդին մէջ։ Արդէն իրենց փոխարէն տղաս՝ Քամէլը ղրկած եմ Եւրոպա ուսանելու»։

Մի քանի տասնամեակ անց, Լիբանանի շիա համայնքը լիովին դուրս եկած է աւատատիրական այդ մտայնութենէն եւ այսօր կը հանդիսանայ հզօր ուժ մը, որուն ազդեցութիւնը դուրս եկած է Լիբանանի սահմաններէն։ Այդ փոփոխութեան մեկնակէտը կը համարուին համայնքի առաջնորդ Իմամ Մուսա Սատրի նախաձեռնած համայնքային կառոյցներու բարեկարգումները։ Իմամ Մուսա Սատր 1978ին մութ պայմաններու տակ անհետացաւ… Լիպիոյ մէջ։

Լիբանանի շիա համայնքին մասին այս ամբողջ փակագիծը բացի, որովհետեւ մի քանի տարի առաջ մեթր Վարդգէս Շամլեանի «Յուշագրական ալպոմ» հատորին մէջ Մուսա Սատրի մասին կարդացի հետեւեալ դրուագը։

Նախքան Լիբանանի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելը, Մուսա Սատր կը պաշտօնավարէր հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքը։ Մեթր Շամլեան կը գրէ.

«Ան կը բնակէր Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքը, ուր իմ մանկութեանս դասընկեր դեղագործ Ցոլակ Թիւթելեանը եւ եղբայրս անջատ դեղարաններ ունէին եւ Մուսա Սատըրին, ինչպէս նաեւ անոր քրոջը զաւկին փեսային հետ կը յարաբերէին։

Ցոլակը պատմեց, որ Մուսա Սատըրը հայ համայնքի կազմակերպութեան եւ գործունէութեան հետ ծանօթանալով, ուզած է մեր Ազգային Սահմանադրութենէն օրինակ մը, որպէսզի անկէ օգտուելով արդիականացնէ Շիի համայնքին ալ կազմակերպութիւնը։

Եւ նկատի ունենալով որ մեր Սահմանադրութիւնը արաբերէնի չէ թարգմանուած, ամիսներով, շաբաթը մի քանի գիշեր, Մուսա Սատըրը, Ցոլակը եւ Սուր քաղաքի եւ շրջակայքի քաջածանօթ բժիշկ Շուքրալլա Հատտատը հանդիպում կ’ունենային, որուն ընթացքին Ցոլակը մեր Սահմանադրութեան յօդուածները մէկ առ մէկ բերանացի ֆրանսերէնի կը թարգմանէր եւ տոքթ. Շուքրալլան ալ իր կարգին արաբերէնի կը թարգմանէր Մուսա Սատըրին, որ գրի կ’առնէր թարգմանուածները…» (Վարդգէս Շամլեան, «Յուշագրական ալպոմ», Մոնթրէալ 2018. էջ 110111)։

Չեմ հաւակնիր հաստատելու, թէ Իմամ Սատր բառացիօրէն ընդօրինակած է մեր Ազգային Սահմանադրութեան դրոյթները իր համայնքի կառոյցներուն համար. այս օրինակը մէջբերեցի պարզապէս ընդգծելու համար մեր Սահմանադրութեան արժէքը ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ արեւելքին համար։ Անոր ներշնչանքով է, որ Իմամ Սատր յեղաշրջեց Լիբանանի շիա համայնքը, եւ անդէմանդիմագիծ հօտէն զայն վերածեց իրական ուժի, որմէ կ’ակնածին բոլորը անխտիր։

* * *

Փակենք փակագիծը եւ վերադառնանք մեր նիւթին։

Արամ վեհափառ կը գրէ.

«4. Սփիւռքի կառոյցները ճշդորոշիչ դեր կատարեցին Սփիւռքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ՝ մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործման գծով։ Այսօր, սակայն, մեր կառոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին։ Իրենց ինքնակեդրոն մօտեցումներով, աւանդական գործելաոճերով, ոչայժմէական օրակարգերով, անոնք այլեւս չեն կրնար գոհացնել նոր սերունդներուն պահանջները։ Այլ խօսքով, գաղութներ չեն կրնար իրենց կազմակերպչական ուժականութիւնը ամուր պահել եւ հայօրէն շնչել շնչասպառ դարձած եւ ներկայ իրականութիւններուն անհաղորդ կառոյցներով։ Արդ, կառոյցներուն վերանորոգումը ու այժմէականացումը աւելի քան հրամայական է՝ նկատի ունենալով անոնց կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը հայ կեանքէն ներս»։

Եւ քիչ անդին կ’աւելցնէ.

«6. Մեր կառոյցներուն կողքին մեր մտածելակերպերն ու գործելակերպերը եւս սկսած են ժանգ կապել։ Մեր շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու յառաջացող մարտահրաւէրներուն անտեսումը մեր գաղութները կրնան առաջնորդել դէպի ինքնամեկուսացում։ Սփիւռքը այլեւս չի կրնար գործել կարծրատիպերով։ Հայապահպանման գործիքները եւ չափանիշերը, փաստօրէն, չեն համապատասխաներ ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու նոր սերունդի մօտեցումներուն ու սպասումներուն։ Նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն, նոյնիսկ անոնց կողմէ ծով զոհողութեամբ պահուած եւ սակայն հոն բանտարկուած մեր արժէքներէն, աւանդութիւններէն եւ իր հայութիւնը ապրիլ տարբեր մօտեցումներով ու կերպերով։ Նոր սերունդին մօտ հայու ինքնութիւնը ենթակայ է աղօտելու վտանգին։ Հո՛ս է տագնապը, որովհետեւ նոր սերունդն է, որ նոր շունչով պիտի վերակենսաւորէ Սփիւռքը եւ կերտէ անոր ապագան։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել հայու ինքնութեան երեք տարածքներուն՝ տեղայնականին, հայկականին ու համաշխարհայինին միջեւ, խուսափելով հակասութիւն ու բեւեռացում յառաջացնող մտածելակերպերէ ու կենցաղակերպերէ։ Յաճախ շեշտած ենք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու եւ լուրջ երկխօսութիւն ունենալու կարեւորութիւնը»։

Ասոնք մտահոգութիւններ են, որոնք մաս կը կազմեն մեր օրակարգի մնայուն հարցերու շարքին, եւ որոնց պատասխանները իւրաքանչիւր քննարկման կարծես թէ կը գտնուին, բայց յաջորդ քննարկման դարձեալ կը վերադառնան քննարկման սեղան։ Ինչպէս վերը ըսի, կեանքը լուսանկար չէ, այլ շարժանկար, եւ անընդհատ փոփոխութեան մէջ։

Եթէ «նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն, … մեր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն», եթէ մեր առջեւ խնդիր ունինք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու, զանոնք մեր աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու եւ ղեկը իրենց փոխանցելու — ի վերջոյ ժամանակը կը թաւալի եւ առանց սերնդափոխութեան մեր կառոյցները պիտի վերածուին… պատմական յուշարձաններու, որոնցմով զարդարած ենք աշխարհի չորս կողմերն ու անոնց կեդրոն Հայաստանը, եթէ կ’ուզենք որ մեր յաջորդները չըլլան միայն սոսկ թանգարանի պահակներ, այլ աշխուժօրէն զարգացնեն մեր հաւաքական կեանքը եւ շարունակեն ցեղասպան թուրքին մղձաւանջը մնալ, միայն բարի ցանկութիւններով չըլլար։  Նոր սերունդը չենք կրնար բերել, մեզի հետ նստեցնել եւ իրեն լուծումներ առաջարկել։ Այդ լուծումները պիտի ըլլան մեր լուծումները, որոնք եթէ յաջող ըլլային, այսօր այս հարցադրումները չէինք դներ։

Նոր սերունդը պիտի գայ նոր լուծումներով, ի՛ր լուծումներով, որոնց հետ մենք հաւանաբար համաձայն չըլլանք, ինչպէս որ արուեստի մէջ ամեն նոր սերունդ կու գայ նոր լուծումներով. որեւէ արուեստագէտ, որ միայն հինը կը կրկնէ, կը մնայ լուսանցքին որպէս միջակութիւն, առաջ կ’անցնին նոր արահետ բացողները։ Բայց ամեն արուեստագէտ, որքան ալ հանճարեղ, ի վերուստ օժտեալ, պէտք է անցնի իր արուեստին դպրոցը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ բարձրագոյն, որպէսզի իր ընդոծին շնորհները առաւելագոյնս դրսեւորուին։ Նկարիչը պէտք է մատիտ ու վրձին բռնել սորվի, գրողը պէտք է լեզուին տիրապետէ որ կարենայ իր մտքերը դրսեւորել, երաժիշտը պէտք է երաժշտանոց յաճախէ, տաղտկալից դասերէ անցնի, որպէսզի կարենայ ոչ ամպայման համանուագ, այլ առնուազն մեղեդի մը մարդավարի հեղինակել։

Որպէսզի մեր նոր սերունդը կարենայ արդարացնել մեր կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը, անոր պէտք է տալ այդ նուազագոյնը, պէտք է զայն նախապատրաստել ստանձնելու անցեալէն եկած դրօշը եւ զայն բարձր պահած հասցնելու գալիք սերունդներուն որպէս անգին աւանդ։ Պէտք է ան ինքզինք զգայ տէրը այդ ժառանգութեան, անվիճելի տէրը, որպէսզի պատրաստ ըլլայ զայն ոչ միայն պահպանելու, այլ եւ զարգացնելու եւ աւելի բարւօք վիճակով փոխանցելու իրեն յաջորդողներուն։ Դաժան պահանջ է, որ կը դնենք յաջորդ սերունդին վրայ, հոսանքն ի վեր թիավարելու պահանջ է, անշնորհակալ սեւ աշխատանքի պահանջ է եւ եթէ իրեն չտանք իրաւատիրութեան գիտակցութիւնը, տանտիրոջ իրաւունքը, դժուար է զայն բերել եւ մեր շուրջ համախմբել։ Ազգային Սահմանադրութիւնը օրին ճիշտ այդ ուղղութեամբ է որ յեղափոխեց մեր հաւաքական կեանքը, հայ անհատը բարձրացուց «ազգային»ի աստիճանին, իրաւատիրոջ մակարդակին եւ կարելի դարձուց նաեւ Եղեռնէն ետք տարասփիւռ հայութեան վերակազմակերպումը առանց ոեւէ «պետական» հանգամանքներու։

Ընդհանրապէս, նոր սերունդին ուղղութեամբ մեր աշխատանքները կը սահմանափակուին «հայապահպանում» տարտամ եւ կրաւորական յղացքին շուրջ նոյնքան տարտամ ծրագիրներ, աւելի ճիշտ բաղձանքներ հիւսելով։ Երբեմն մէկ աստիճան աւելի կը զարգացնենք այդ աշխատանքները եւ անունը կը դնենք «հայեցի կրթութիւն», «հայեցի դաստիարակութիւն» եւ մասամբ նորին։ Սակայն այդ աշխատանքները ցարդ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցման շրջանակներէն դուրս չեն եկած. չենք նախագծած եւ գործադրած «ազգային կրթութիւն» կոչուած ծրագիրներ, որոնց շրջանաւարտը պիտի ըլլայ Ազգային Սահմանադրութեան սահմանած «ազգային»ը՝ իր ազգային ժառանգութեան տէր հայ անհատը, որ քաջածանօթ է մեր համայնքային կառոյցներու ժողովրդավար էութեան, գիտէ հաւաքական աշխատանքի նրբութիւնները, շահագրգռուած է մեր հաւաքական կեանքի ամեն մանրամասնութիւններով եւ նախանձախնդիր է անոնց բարելաւման եւ յառաջդիմութեան։ Մեր իրերյաջորդ սերունդներուն դժբախտաբար չենք բաշխած այս գիտելիքները։ Հազուագիւտ երեւոյթ չէ մեր կառոյցներուն մէջ հանդիպիլ ոգի ի բռին աշխատող անհատներու, որոնք այդ կառոյցներու տարրական կանոններէն տեղեակ անգամ չեն, — օրինակ  մարմնի եւ յանձնախումբի՝ ընտրեալի եւ նշանակեալի պատասխանատուութիւններու տարբերութիւններէն, —եւ այդ անտեղեակութեան պատճառով անտեղի  վիճաբանութիւններու ու սրտնեղութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին ու յաճախ հիասթափուած կը հեռանան։

Նոր սերունդին նախ պէտք է տալ «Ազգային կրթութիւն», ճիշտ այնպէս, ինչպէս որոշ երկիրներու մէջ դպրոցական աշակերտներուն կը տրուի «Քաղաքացիական կրթութիւն», ուր անոնք կը սերտեն այբուբենը իրենց ապրելիք միջավայրի հաւաքական կանոններուն։ Հայեցի կրթութիւնը պէտք է անպայման ներառէ այս առարկան որպէս իր գլխաւոր նիւթերէն մին՝ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան կողքին կամ նոյնիսկ անոնցմէ վեր։ Ազգային մը կրնայ լաւ հայերէն չիմանալ, կրնայ Տիգրան Մեծի կնոջ անունը չիմանալ, սակայն պարտաւոր է իմանալ իր համայնքային կառոյցներու ալֆան եւ օմեկան, պարտաւոր է իմանալ իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները,  որպէսզի համայնքին մէջ գործէ որպէս լիարժէք իրաւատէր, որպէս յանձնառու ազգային։

Այլապէս դուրս չենք գար հովիւի եւ հօտի հոգեբանութենէն, եւ մեր համայնքները զուրկ կը մնան յանձնառու ազգայինններու համախմբումով առաջացող ուժականութենէն։ Իսկ առանց այդ ուժականութեան, կրնանք մեծ խաչ մը քաշել մեր ապագային վրայ։

Ի դէպ, այս մատնանշումները միայն սփիւռքին յատուկ չեն. նոյն խնդիրները, երբեմն աւելի սուր դրուածքով, ունինք նաեւ հայրենաբնակ հայութեան մօտ։ Հոն եւս յանձնառու ազգայինի բացակայութիւնը աւերներ կը գործէ։

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Հորիզոն Գրական»ի եւ

անգլերէնֆրանսերէն բաժիններու խմբագիր

Գանատա