Կիրակնորեայ Դպրոցի Հիմնադրութիւն՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ռուսիոյ Կառոյցին Կողմէ

Uncategorized

Սիրելի հայրենակիցներ,

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ռուսիոյ կառոյցը, իր կրթական ծրագիրին ծիրէն ներս, նախաձեռնած է հայկական կիրակնօրեայ (միօրեայ) դպրոցի հիմնադրում։

СКандинавский бульвар, Коммунарка թաղամասին մէջ, ս. թ. Նոյեմբերէն սկսեալ պիտի գործէ Համազգայինի նորաբաց դպրոցը, ուր կրնան յաճախել 5-14 տարեկան Ձեր երեխաները՝ ըստ տարիքային խումբերու եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի։

Դասերը պիտի իրականանան իւրաքանչիւր Շաբաթ կամ Կիրակի օրերուն (օրը կ՝ընտրենք ծնողներու հետ քննարկելէ ետք)։

Դասընթացը պիտի կազմակերպեն փորձառու մանկավարժներ՝ ժամանակակից, կահաւորուած դասասենեակներու մէջ։

Մանրամասնութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել հետեւեալ համարով՝ +7 968 654 44 59։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ռուսիոյ կառոյցի տեղեկատուական ծառայութիւն