ԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Պատերազմական Իրավիճակներուն Բուժաշխատողներու եւ Շտապօգնութեան Մեքենաներու Թիրախաւորումը

Աշխարհ, Հայաստան

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կը դատապարտեն պատերազմական իրավիճակներու մէջ բուժաշխատողներու եւ շտապօգնութեան մեքենաներու թիրախաւորման դէպքերը: Այս մասին, ըստ 168.am-ի, յայտնած է ԱՀԿ գլխադասային գրասենեակի ներկայացուցիչ Ֆլաւիօ Սալիոն՝ Արագ արձագանգման բժշկական խումբերու 5-րդ համաշխարհային հանդիպման ընթացքին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Ան նշած է, որ բուժաշխատողները մարտական գործողութիւներու ընթացքին երբեւէ պէտք չէ խոցուին կամ նշանառութեան տակ ըլլան:

«Դժբախտաբար, բուժաշխատողներուն վրայ յարձակումները եւ անոնց թիրախաւորումը վերջին 5 տարիներուն շատցած են: Ատիկա միանշանակ յանցագործութիւն է եւ պէտք է դատապարտուի»,- ըսած է Սալիոն:

ԱՀԿ Եւրոպական տարածաշրջանային գրասենեակի Արտակարգ իրավիճակներու գծով տնօրէն Ճերալտ Ռոգենշաուպը իր հերթին աւելցուցած է, որ ամէն անգամ, երբ կը լսեն Հայաստանի մէջ նման դէպքերու մասին, փաստաթղթաւորում կ՝իրականացնեն: «Ուքրանիոյ պարագային ալ արձանագրած ենք 150 նման դէպք»,- ըսած է Ռոգենշաուպը:

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը՝ դատապարտելով նման գործողութիւնները՝ ընդգծած է, որ ե՛ւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, ե՛ւ ազրպէյճանական ԶՈւ սանձազերծած վերջին յարձակման հետեւանքով շտապօգնութեան մեքենաներուն վրայ բոլոր յարձակումները փաստագրուած են:

«Բոլոր ապացոյցները ներկայացուած են ե՛ւ համակարգող օղակներով, ե՛ւ ԱՀԿ-ին: Նման գործողութիւնները պէտք է մշտապէս խստագոյնս դատապարտուին եւ տեղ չգտնեն մեր մէջ»,- նշած է ան: