Հայերը Պէտք է Խաղաղ Ապրելու Հնարաւորութիւն Ունենան․ Ֆրանսայի Դեսպան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույոն անդրադարձած է Ազրպէյճանի վերջին յարձակումներուն:

«Շատ օգտակար էր այցը Սեպտեմբեր 13-ի եւ 14-ի յարձակումներէն տուժած տարածքներ։ Բազմաթիւ տուներ ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ աւերուած են կամ՝ վնասուած: Հայերը պէտք է խաղաղ ապրելու հնարաւորութիւն ունենան: Ֆրանսան կը շարունակէ աշխատիլ յանուն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելուն»,- ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի՝ գրած է դեսպանը Twitter-ի իր էջին վրայ։