Ազրպէյճանի ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած են Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 28-ին, ժամը 18:00-էն սկսեալ, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառումով, կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու: