Խնդրայարոյց Իրավիճակներէ Խուսափելուն Նպաստող Արտայայտութիւններ

Այլեւայլ

Հոգեբանները բացայայտած են 7 արտայայտութիւն, որոնք կ’ապահովեն ձեզ խուսափելու խնդրայարոյց իրավիճակներէն եւ կ’օգնեն շրջապատի հետ ներդաշնակ ապրելուն:

  1. «Շնորհակալութիւն ձեր կարծիքին համար: Ես կը մտածեմ ատոր մասին»: Երբ դուք կը ստանաք անցանկալի խորհուրդ ընտանեկան հաւաքի մը ժամանակ, օրինակ՝ սանտրուածքը փոխելու առաջարկ հօրաքոյրէն, ուղղակի ժպտացէք եւ պատասխանեցէք շեղելով այդ թեմայէն:
    Եթէ ձեզ կոպտօրէն հարցուցած են` «Դուք դեռ միայնա՞կ էք», մի պատասխանէք երկար արդարացումով: Ըսէք, «Դեռ այո, սակայն իրավիճակի փոփոխութեան պարագային կը տեղեկացնեմ ձեզ»: Նպատակը կը կայանայ քաղաքավար ըլլալու եւ խօսակցութիւնը դադրեցնելու մէջ: Պէտք չէ դրսեւորել կոպիտ վերաբերում:
  2. «Կրնա՞նք մենք հիմա խօսիլ»: Եթէ այդ ժամանակ ամուսինը ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ պատրաստ է շեղելու հեռատեսիլէն ու լսելու ձեզ, ուրեմն կարելի է շարունակել, եթէ ո՛չ, ուրեմն կարելի է տալ յաջորդ հարցը «Քեզ ե՞րբ յարմար է»: Այդ ժամանակ կը քննարկուի յարմար ժամանակը: Այս ձեւը յարմար է նաեւ աշխատավայրին մէջ: Ձեր տնօրէնը եւ գործընկերները պիտի գնահատեն այդպիսի մօտեցումը:
  3. «Ես օգնութեանդ կարիքը ունիմ: Եթէ խնդրեմ, կրնա՞ս արդեօք…»: Շատ յաճախ այնպէս կը պատահի, որ մարդիկ իրենց վրայ չեն վերցներ պատասխանատւութեան իրենց բաժինը: Այդ պարագային՝ մարդը ծուլութեան կամ անուշադրութեան մէջ մեղադրելու փոխարէն, ըսէք ա՛յն,
    ինչ դուք կ՝ուզէք, որ ան ընէ: Այդ պարագային ամէն ինչ կը յստականայ: Օրինակ, եթէ կը պատրաստուիք սուրճ խմելու. «Ես սուրճ կը պատրաստեմ, դուն կը լուա՞ս գաւաթները, կամ՝ հակառակը»:
  4. «Եկէք քննարկենք այս հարցը լրացուցիչ տեղեկատւութիւն ստանալէ ետք»: Որեւէ բանավէճ սկսելէ առաջ մտածեցէք անոր պատեհութեան մասին, այլապէս ատիկա կրնայ մեծ խնդիրի վերածուիլ:
  5. «Ի՞նչ նկատի ունիք»: Երբեմն ճիշդ հարց տալը այն է, ինչ անհրաժեշտ է վէճէն
    խուսափելու համար: Մենք միշտ ենթադրութիւններ կ՝ընենք այլ մարդոց մտադրութիւններուն մասին: Հարցուցէք, որպէսզի հասկնաք, թէ իրօք ի՞նչ նկատի ունէր զրուցակիցը՝ մինչեւ ենթադրութիւններ ընելը:
  6. «Ատիկա հաճելի չէ ինծի համար, եկէք այս ձեւով ընենք»: Վիճելու փոխարէն ձեր անհամաձայնութիւնը կրնաք մատուցել այլ ձեւով: Կեդրոնացէք խնդիրի լուծման վրայ եւ դուք ըրէք առաջարկը:
  7. «Մտածեցէք իմ առաջարկին շուրջ մինչեւ…»: Իւրաքանչիւրին հարկաւոր է ժամանակ առաջարկի մը շուրջ մտածելու, պատասխանալ տալու համար, առաւել եւս, եթէ ատիկա ունի որոշ անյարմարութիւններ: Եթէ դուք չէք ուզեր մարդու մօտ շփոթմունք յառաջացնել, ուրեմն անոր ժամանակ տուէք մտածելու պատասխանի մասին: