Հ.Մ. «Արարատ» Մարզաւանին Մէջ Սկիզբ Առած Են Իրանի 53-րդ Համահայկական Խաղերը

Սփիւռք

7 Սեպտեմբերին Հ.Մ. «Արարատ» Կեդրոնի ֆութպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Իրանի 53-րդ համահայկական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Իսլ. խորհրդրանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, ԻԻՀ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան խորհրդական (հիւպատոս) Արթուր Սարգսեանը: «Ալիք»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Իրանի Իսլամական Մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան համագումարներու, կազմակերպութիւններու եւ մշակութային գործունէութեան գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն Էսմայիլ Ճանալիփուրը, Սեղանի թենիսի ֆետերասիոնի եւ Իրանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Մեհրդատ Ղարտաշին, ԹՀԹ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեանը, ԹՀԹ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի ներկայացուցիչ արժ. Տ. Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեանը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, աւելի քան 200 մարզիկ-մարզիկուհիներ Իրանի տարբեր շրջաններէ, նաեւ՝ Թեհրան, Նոր Ջուղա, Թաւիրզ եւ Գեարդաբադ քաղաքներ:

Իրանի 53-րդ համահայկական խաղերը նուիրուած են «Արարատ»-ի ֆութպոլի 66-ամեակին: Ծրագիրին ողջոյնի ելոյթներով հանդէս եկան Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը, Իրանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Մեհրդատ Ղարտաշին, Հ.Մ. «Արարատ» Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեանը եւ ԹՀԹ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի խօսքը ներկայացուց ներկայացուցիչ արժ. Տ. Արիստակէս քհնյ. Շահմիրեանը:

Ծրագիրի առաջին բաժինով տեղի ունեցաւ դրօշակներու արարողութիւն, այնուհետեւ մարզադաշտ մուտք գործեցին 4 ջահակիր ընկերներ՝ Մարգար Ներսիսեանը, Յովիկ Հաթամզադէն, Համբարձում Դարաբիդեանը եւ Կոնստանդ Յարութիւնեանն, որոնք Ս. Խաչ մատուռին մէջ տեղադրուած կրակը փոխադրեցին ֆութպոլի մարզադաշտ եւ ազդարարեցին Իրանի 53-րդ Համահայկական խաղերուն մեկնարկը: Այնուհետեւ, մեկնարկեց Իրանի 53-րդ համահայկական խաղերու մարզիկ-մարզիկուհիներուն մուտքն ու խաղերու շքերթը: Այս տարի համահայկական խաղերու ծրագիրին ընդգրուած է 9 մարզաձեւ, ինչպէս՝ ֆութպոլ, ֆութզալ, պասքէթպոլ, սթրիթպալ 3×3, թենիս, ճատրակ, սեղանի թենիս եւ վոլիպոլ: Առաջին անգամ ներառուած է նաեւ՝ FIFA-ի մարզաձեւը:

Մարզիկներու մարզադաշտ մուտքին յաջորդած է մարզիկներու եւ իրաւարար կազմի երդման կարգը, որոնք կատարած են՝ իրանահայ միջազգային կարգի մրցավար Թալին Թահմասեանը եւ համաՀՄԸՄ-ական խաղերուն լաւագոյն պասեքէթբոլիստ անուանակարգի բաժակակիր Գէորգ Յարութիւնեանը:

Այնուհետեւ, Հ.Մ. «Արարատ» Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեանը՝ պարսկերէն լեզուով արտայայտած իր ելոյթին ընթացքին՝ ողջունելով ներկաները, շնորհաւորած է մարզական մեծածաւալ իրադարձութեան կայացման առթիւ, մասնաւորապէս՝ հաշուի առնելով ժամանակի բարդութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս՝ Մերձաւոր արեւելքի տարածաշրջանի ճգնաժամային իրավիճակը եւ յետքորոնավիրուսային իրավիճակի պայմանները:

Խալոյեան նաեւ յաջողութիւն մաղթած է Իրանի 53-րդ համահայկական խաղերու մարզիկներուն, մարզիչներուն, պատասխանատուներուն եւ վեթերաններուն ու բոլոր մասնակիցներուն եւ կոչ ըրած է վայելելու մարզական տօնը:

Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած է մշակութային մասը, որ յագեցած էր պարային, երգչախմբային կատարումներով:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով պարային առանձին եւ միասնական կատարումներով հանդէս եկած են՝ Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Արուեստից միութեան «Արարատ» պարախումբը, Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Կակաչ» պարախումբը, Հ. Մ. Մ. «Նայիրի» միութեան պարախումբը, Հ. Մ. Մ. «Րաֆֆի» համալիրի «Գարուն» պարախումբը, Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Ակունք» պարախումբը: Երգերու կատարմամբ հանդէս եկած են «Սաուլ Դաստ» խումբը, նաեւ խումբի առանձին մենակատարները: