Ստեփանակերտի Մէջ Ապրիլ 23-ին Ջահերով Երթ Տեղի Կ՝ունենայ

Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ս.թ. Ապրիլ 23-ին, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «Զարթնի՛ր, լաո՛…» կարգախօսով աւանդական ջահերով երթ, որ սկիզբ պիտի առնէ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն, ժամը 19:00-ին:

Մեր թշնամիներու ծրագրէն 1915թ-էն առ այսօր ոչինչ փոխուած է։ Այսօր ալ Արցախի նկատմամբ կը կիրառուի նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը։

Ուստի այդ քաղաքականութեան ո՛չ ըսելը, ապրելու մեր ցանկութիւնը բոլորին լսելի դարձնելը, համազգային դիմադրողականութեան բարձրացումը կը դառնայ իւրաքանչիւր արցախցիի պարտքը, այդ իսկ պատճառով կարեւոր է ջահերթին քո՛ւ իսկ մասնակցութիւնդ:

Մասնակցի՛ր Ջահերով երթին:
Ապացուցէ՛, որ չես յանձնուիր:

Ցո՛յց տուր, որ Արցախը կ՝ապրի եւ պիտի ապրի:

Այսօր առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է աշխարհին ցոյց տալ մեր միասնութիւնը, ուստի կը խնդրենք անպայման մասնակցիլ Ջահերով երթին:

Արցախի ճակատագիրը քո՛ւ ձեռքդ է…

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւն