Իբրեւ Աջակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան՝ Իրանի Մէջ Ստորագրահաւաք

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագրերու ուղղութեամբ կազմակերպուած է ստորագրահաւաք՝ իրանական «Քարզար» հարթակով՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Ստորագրահաւաքին կրնաք միանալ այցելելով հետեւեալ՝Karzar.net/37407 յղումին:

Ստորագրահաւաքի յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Իսլ. խորհրդարանի յարգարժան Նախագահութիւն,

Իսլ. խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի յարգարժան անդամներ,

Իրանական 1401 թուականի օրդիբեհեշտ ամսուան 4-ը, կը համընկնի Ապրիլ 24-ի, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին հետ, որ 1915-1923 թուականներուն իրագործած է Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ՝ հակամարդկային այն ոճրագործութիւնն է, որուն հետեւանքով ցեղական զտման ենթարկելով՝ բռնագրաւած են անոնց պատմական հայրենիքը:

Նշուած ոճրագործութիւնը իր բազում անհերքելի պատմական փաստերով հանդերձ, կը շարունակէ անտեսուած մնալ միջազգային կառոյցներուն կողմէ:

Իսկ անոր հիմնական կազմակերպիչ Թուրքիան՝ անպատիժ մնալով, ժամանակին եւ պաշտօնապէս պատասխանատւութեան չենթարկուելու պատճառով շարունակած է ահաբեկումը՝ Սուրիոյ, Կիպրոսի, Լիպիոյ, Իրաքի տարածքներուն մէջ: Իսկ արդէն 2020 թուականին Արցախի մէջ՝ ուղղակի ներգրաւուած է պատերազմական գործընթացին:

Սակայն, այսօր, իրանահայերը, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին, Իսլ. խորհրդարանէն, եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովէն կը պահանջեն՝ մարդու իրաւունքներու իրաւական սահմաններուն ուղղութեամբ քալեր ձեռնարկել՝ կասեցնել ոճրագործութիւնը, եւ Թուրքիոյ ստիպել դադրեցնել պատմութեան խեղաթիւրումը:

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիայէն պահանջելով՝ առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ, հայցել հայ ժողովուրդի ներողամտութիւնը, վերադարձնել հայերուն հայրենիքը, եւ ապահովել հատուցման գործընթացը»: