Եթէ Չես Ուզեր Յայտնուիլ Այն Վիճակին, Երբ Քեզ Չեն Ձգեր Այցելել Հայրենիքդ՝ Պէտք Է Ոտքի Կանգնիս․ Հայկ Մամիճանեան

Հայաստան

«Քիչ առաջ Աղաւնոյի անցակէտին վրայ հանդիպեցանք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ փոխնախագահին հետ»: Այս մասին գրած է ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեան։

«Դուրսը, ճամբու եզրին:

«Ասոր պատճառը քպ-ի խաղաղութեան դարաշրջանն է՝ հայ պատգամաւորներուն չեն ձգած մուտք գործել Արցախ:

«Եթէ չես ուզեր յայտնուիլ այս վիճակին, երբ քեզ չեն ձգեր այցելել հայրենիքդ՝ պէտք է ոտքի կանգնիս:

«Եթէ չես ուզեր Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնել՝ պէտք է ոտքի կանգնիս: Եթէ չես ուզեր, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը որոշեն, թէ քու հայրենիքիդ, որ հատուածը քեզի կարելի է այցելել ՝ պէտք է ոտքի կանգնիս: Եթէ չես ուզեր «խաղաղութեան դարաշրջանի» հերթական զոհը կամ գերին դառնար ՝ պէտք է ոտքի կանգնիս»:

Հայկ Մամիջանյան