Արցախն ու Արցախցին Առանձին Չեն, Գլխագիր Ազգը Անոր Կողքին է՝ Աշխարհով Մէկ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 18:00-ի հաւաքը՝ ազրպէյճանի Փարիզի դեսպանատան առջեւ, ունի 3 յստակ պատգամ.

1)Արցախն ու արցախցին առանձին չեն, լքուած ու մեկուսացուած չեն: Գլխագիր Ազգը անոր կողքին է, աշխարհով մէկ:

2)Հանրային միջազգային կարծիքը՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մետիա հրաւիրել ուշադրութեան, թէ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ այսօր, մարդկային իրաւանց եւ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յստակ ոտնահարում է: Միջազգային ընտանիքը իր գիտակցական լռութեամբ մեղսակից է այս հոլովոյթին:

3)թուրք-ազերի թշնամին լաւ պիտի իմանայ, որ հայութեան յանձնառու հատուածը Հայ Դատի պահանջատիրութեան իր անդուլ պայքարը կը շարունակէ անշեղօրէն, աշխարհի չորս ծագերուն:

Ահա թէ ինչու՛ մեր ներկայութիւնը խիստ կարեւոր է այս հաւաքին, յանուն Արցախի, յանուն Հայրենիքի, առանց գաղափարական , հատուածական կամ քաղաքական տարբեր մտածողութիւններու խտրութեան, միասնակա՛ն շարքերով: