Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Նուիրուած Հ.Կ.Խաչի Կազմակերպած Արիւնատւութեան Ա. փուլը՝ Ֆիքսի Մէջ

Սփիւռք

Յունաստանի Հ.Կ. ­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան Ա. փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ, ­Կի­րա­կի՝ 3 Ապ­րիլ 2022-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Օր»-ը։

­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­Խա­չի կո­չին ներ­կա­յա­ցան ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան վայ­րը, գի­տակ­ցե­լով ա­րեան նո­ւի­րու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ յար­գե­լով ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու ա­րեան զո­հա­բե­րու­մը:

Հ.Կ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը, օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու հա­մար կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, բժիշ­կին եւ հի­ւան­դա­պահ­նե­րուն: ­Պա­տաս­խա­նա­տու բժիշ­կը խիստ քննու­թիւ­նէ կ­՚ան­ցը­նէր կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, որ­պէս­զի բո­լոր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­նե­րը յար­գո­ւին:

­Կա­րե­լի ե­ղաւ 31 հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ, հա­կա­ռակ որ ներ­կա­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի բարձր էր, սա­կայն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով՝ մաս մը մեր­ժո­ւե­ցաւ: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նին պահ դրուած ա­րեան պա­հես­տա­նո­ցին։
Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւ­նը կա­տա­րող բժիշ­կը եւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն՝ ի­րենց կա­մա­ւոր ներ­կա­յու­թեան հա­մար։