Հայաստանի Բոլոր Քաղաքներու Հրապարակներուն Վրայ Բարձրացնենք Արցախի Դրօշը․ Իշխան Սաղաթելեան Ամփոփեց Հանրահաւաքը (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Ամենեւին պատահական չէ, որ մենք մեր նոր պայքարի սկիզբը կը դնենք Ազնաւուրի հրապարակէն ու այս հրապարակին վրայ կը բարձրացնենք Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։ Ըստ Yerkir.am-ի ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան՝ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, ուր «Ազատութեան» հրապարակէն երթով շարժած էին ընդդիմութեան հրաւիրած հանրահաւաքի մասնակիցները։

Ան նշեց, որ 4 տարի առաջ այդ հրապարակէն սկսած է Հայաստանի պետականութեան կործանման ընթացքը։

Իշխան Սաղաթելեան առաջարկեց, որ բոլորը շատ բարձր բացականչեն եւ ծափահարեն յանուն Արցախի եւ Եռագոյնի։

Ամփոփելով հանրահավաքը՝ ան յիշեցուց, որ մասնակիցները շատ ուղիղ յայտարարած են՝ օրուան իշխանութիւնը չունի իրաւագիր երկիրը նոր զիջումներու տանելու, եւ մենք տէր պիտի կանգնինք Արցախին եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան։

«Այսօր մենք միասին յայտարարած ենք այն բոլոր սկզբունքները, որմով պէտք է առաջնորդուի մեր պետութիւնը։ Այդ սկզբունքներէն շեղելու պարագային ժողովուրդը ունի օրինական իրաւունք ցանկացած իրեն հասանելի եղանակով դիմելու հակազդեցութեան»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան։

Իբրեւ յաջորդ քայլ՝ Իշխան Սաղաթելեան առաջարկեց վաղունէ սկսեալ Հայաստանի բոլոր քաղաքներու հրապարակներուն վրայ բարձրացնել Արցախի դրօշը։

«Մեր պայքարը այս դրօշի յաւերժութեան մէջ է։ Համազգային դիմադրութեամբ պիտի հասնինք մեր վերջնական յաղթանակին»,- ըսաւ ան։

Բացի այդ, առաջարկեց մարզերու մէջ 20-30 հոգիով հաուաքուիլ՝ ճանապարհ փակել, վարչական շէնք շրջափակել, ցոյց տալ այս իշխանութեան խմբակին, որ իրենք իրաւագիր չունին երկիրը նոր զիջումներու տանելու։

Իշխան Սաղաթելեան վստահեցուց, որ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթական աւարտ։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․