Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով Սուրբ Լուսաւորիչի Աջով Օրհնուեցան Մեր Ժողովուրդի Զաւակները
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդեց հայկական ինքնութեան հիմնաքար հանդիսացող քրիստոնէութիւնը եւ իր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ ամբողջ ազգ մը դարձի բերաւ: Իր այս առաքելութեան ընթացքին ան դիմագրաւեց բազմաթիւ սոսկալի չարչարանքներ, որոնց յիշատակութիւնը հայ եկեղեցին կը նշէ Գալստեան կիրակիին: Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնին կը նշուի նաեւ Անթիլիասի ուխտի տօնը` Մայրավանքին համանուն տաճարին նուիրուած:
Առ այդ, Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը նկատուող սրբազան մասունքներու արկղով մուտք գործեց մայր տաճար: Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Լուսաւորիչի վիրապ մուտքի շարականի խօսքերով, որ արտայայտութիւն է ցնծութեան եւ հրաւէր` աղօթքի ու ապաշխարութեան: Ան ըսաւ, որ այսօր մենք էականօրէն կարիքը ունինք աշխարհով մէկ հոգեւոր արթնութեան: Սրբազանը ամփոփելով տօնին պատգամը նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ընդհանրական եկեղեցւոյ մեծ սուրբն է: Ան ո՛չ միայն հայոց հաւատքի կերտիչն է, այլեւ հայ քրիստոնեայ ազգին կերտիչը: Սրբազան հայրը իր քարոզը եզրափակեց վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հաւատքի իր զօրութեան չափով կը ստանայ ամէն ինչ որ կը խնդրէ սուրբէն, որովհետեւ սուրբերուն մէջ Քրիստոս կը բնակի:
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբին լուսաւորող Աջով աւանդական թափօրը: Յայտնենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ սրբազան մասունքներով: Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ Ս. Խորան եւ Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, մայր տաճարի խորանին վրայ զետեղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ Խորանին վրայ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ:
Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի
Ուխտի Օրուան Հսկում
Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, դպրեվանքի սաներն ու ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուխտերթ կատարեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն Անթիլիասի մայրավանք, որմէ ետք մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ. յաջորդիւ Արամ Ա. կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւններէն սրբազան մասունքներ, իսկ երեկոյեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, որուն աւարտին ան իր խօսքը ուղղեց ուխտաւոր հայորդիներուն:
Վեհափառը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ Գրիգոր Լուսաւորիչին մեզի պարգեւած հոգեւոր վերածնունդի եւ հոգեւոր յեղափոխութեան մասին` նշելով, որ կարելի չէ հասկնալ սուրբը առանց անդրադառնալու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իր կատարած հոգեւոր յեղափոխութեան: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ թէեւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները Աստուծոյ լոյսը բերած էին Հայաստան, սակայն ատիկա տակաւին կենդանի եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն չէր եղած ժողովուրդին մօտ, իսկ Լուսաւորիչը ինք եղաւ հաւատքի առաքեալը` յեղաշրջելով մեր ժողովուրդի կեանքը եւ զայն թրծելով աստուածային լոյսով եւ երկնային օրհնութեամբ: «Եթէ նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր մշակոյթին, յստակօրէն պիտի տեսնենք հոգեւոր արժէքներուն տիրական ներկայութիւնը եւ մեր հոգեւոր մշակոյթը ծնունդ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ ապա թարգմանչաց սերունդով նոր տարածք, նոր ծաւալ ստացաւ», յայտնեց ան:
Խօսելով տօնին անժամանակ հրամայականին մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ այսօր աւելի քան երբեք մենք կարիքը ունինք Լուսաւորիչի հոգեւոր վերածննդեան. «Մեր շուրջը տիրող խաւարին եւ խաւարային մտածումներուն դիմաց այսօր մենք կոչուած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր վերածնունդը շարունակելու` հաւատարիմ ըլլալով աստուածաշնչական արժէքներուն եւ ուսուցումներուն», նշեց ան` շարունակելով, որ Աստուծոյ Որդին Ինք աշխարհ բերաւ հոգեւոր վերածնունդը եւ Ինք սկսաւ հոգեւոր յեղափոխութիւնը մարդկային կեանքին մէջ. «Լուսաւորիչը մեր կեանքին առջեւ բացաւ հաւատքի, լոյսի, հոգեւոր արժէքներու, նուիրումի, միասնականութեան, հայրենասիրութեան ճամբան, եւ իւրաքանչիւր հայ կոչուած է քալելու այդ ճամբէն: Մենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի զաւակներն ենք եւ իբրեւ զաւակներ մենք պէտք է հետեւինք մեծ հայրապետին, մեծ սուրբին հոգեւոր վերածննդեան», եզրափակեց ան:
Նշենք, որ Անթիլիասի մայր տաճարի Ուխտի օրը ուխտաւորներ աղօթական մթնոլորտի մէջ կը գիշերեն մայր տաճարին մէջ:

