Արցախի Խորհրդարանը Միաձայն Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահութեան, ՄԱԿ-ին եւ Համապատասխան Կառոյցներուն Դիմելու Մասին Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 10-ին, Արցախի խորհրդարանը հրաւիրած է արտահերթ նիստ։ Օրակարգի վրայ եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը՝ «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան, ՄԱԿ-ին եւ համապատասխան կառոյցներուն դիմելու մասին»։

Յայտարարութիւնը ներկայացուցած է պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան։ Օրակարգային հարցը քննարկուած էր գլխադասային յանձնաժողովի նիստին եւ դրական եզրակացութեամբ ներկայացուած է արտահերթ նիստի քննարկման։

Մտքերու փոխանակութեամբ հանդէս եկած է պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան։

ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ հրաւիրուած էր արտահերթ նիստին, տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունած է բանաձեւ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին», ուր  խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը՝ ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Յաջորդիւ խորհրդարանը 32 կողմ ձայնով ընդունած է յայտարարութիւնը։