Եթէ Այսօր Ռուսիան Չկանգնեցնեն Ուքրանիոյ Մէջ, Վաղը Ան Կարս ու Արտահան Պիտի Հասնի. Մուսթաֆա Տեսթիճի

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Ժողովուրդ» դաշինքի (Cumhur İttifakı) անդամ «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիճին ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Milligazete.com.tr-ը։

Ան նշած է, որ Թուրքիան պիտի «ընդդիմանայ Ռուսիոյ ներխուժման Ուքրանիա», քանի որ եթէ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիան չկանգնեցուի, կրնայ նաեւ հասնիլ Կարսի եւ Արտահանի սահմաններուն։

«Մենք պէտք է յստակ ըլլանք, յստակ դիրքաւորուինք։ Մենք պէտք է ըլլանք այն երկիրը, որ իր ձայնը ամենաուժեղը պիտի բարձրացնէ այս գրաւման դէմ, քանի որ եթէ Ռուսիան այսօր այստեղ չկանգնեցուի ու յաջողութեան հասնի՝ վաղը անոր թիրախը պիտի ըլլան թրքական պետութւնները եւ թրքական հանրոյթները։ Կարծես այսքանը բաւական չէ, ան [Վ․ Փութինը-խմբ․] դեռ Լենինը կը յիշատակէ։ Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ ան հասնի Կարսի եւ Արտահանի մեր սահման»-յայտարարած է Տեսթիճին։

Վերջինս նաեւ նշած է, որ Թուրքիան առանց պատերազմի մէջ մտնելու պէտք է այժմ նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկէ, եթէ կ՝ուզէ, որ աշխարհն ու հարեւանները իր կողքը տեսնել։