Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Վերանորոգութեան Մէջ է

Աշխարհ, Էրկիր

Տի­ար­­պե­­­քիրի Սուր թա­­ղամա­­սի աւե­­րակ Սուրբ Սար­­գիս Եկե­­ղեց­­ւոյ վե­­րաշի­­նու­­թեան աշ­­խա­­­տանքնե­­րը արդէն իսկ սկիզբ առած են։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։

Նշենք որ Սուրբ Սար­­գիս Եկե­­ղեց­­ւոյ սե­­փակա­­նու­­թիւնն ալ կը պատ­­կա­­­նի Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թեան։ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. Մա­­շալեանի գլխա­­ւորած պա­­տուի­­րակու­­թիւնը նա­­խորդ տարուայ Հոկ­­տեմբերին այ­­ցե­­­լած էր Տի­­ար­­պե­­­քիր։ Այդ այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին հան­­դի­­­պում մը կա­­յացած էր Կու­­սա­­­կալ Միւ­­նիր Քա­­րալօղ­­լո­­­ւի հետ եւ այդ հան­­դիպման ըն­­թացքին ալ օրա­­կար­­գի վրայ դրուած էր Սուրբ Սար­­գիս Եկե­­ղեց­­ւոյ նո­­րոգ­­ման խնդի­­րը։

Վե­­րանորգման ծախ­­սե­­­րը կը հո­­գայ Տի­­ար­­պե­­­քիրի Ներդրումնե­­րու Հե­­տապնդման եւ Հա­­մակարգման Նա­­խագա­­հու­­թիւնը։ Այս մա­­սին հրա­­հանգ հա­­սած է Տի­­ար­­պե­­­քիրի Յու­­շարձան­­նե­­­րու Տնօ­­րէնու­­թեան։ Ստո­­րագ­­րո­­­ւած հա­­մաձայ­­նագիրով յայտնի կը դառ­­նայ, թէ այս աշ­­խա­­­տան­­քին հա­­մար յատ­­կա­­­ցուած է 941 հա­­զար 640 թլ ։

Տի­­ար­­պե­­­քիրի Յու­­շարձան­­նե­­­րու տնօ­­րէն Ճե­­միլ Գոչ եւ Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Էր­­կիւն Այըք այցելելով շի­­նու­­թեան վայ­­ր՝ բա­­ցատ­­րութիւններ ստա­­ցած են կա­­տարուած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն մա­­սին։

Ճե­­միլ Գոչ յայտնած է, թէ եկե­­ղեցին մին­­չեւ 1985, կարգ մը պե­­տական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու կող­­մէ շա­­հագոր­­ծուած է իբ­­րեւ պա­­հես­­տա­­­նոց։ Ան նշած է, որ կո­­թողա­­յին կա­­ռոյց մը ըլ­­լա­­­լով՝ Սուրբ Սար­­գիս Եկե­­ղեցին Տի­­ար­­պե­­­քիրի կա­­րեւոր խորհրդան­­շաննե­­րէն մէ­­կն է։ Այս հանգրո­­ւանին կը կատարուին նա­­խագ­­իծին հիմ­­քը հան­­դի­­­սացող ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ։

«Եկե­­ղեցին պի­­տի նո­­րոգո­­ւի կա­­ռուցման շրջա­­նի շի­­նանիւ­­թե­­­րով եւ ճար­­տա­­­րապե­­տական դրու­­թիւննե­­րով»,- ըսած է Ճե­­միլ Գոչ։

Թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Էր­­կուն Այըք, իր հերթին, ու­­րա­­­խու­­թիւն յայտնած է, թէ այս բազ­­մա­­­ծախս աշ­­խա­­­տան­­քը կը դի­­մագ­­րա­­­ւուի Կու­­սա­­­կալու­­թեան մի­­ջոց­­նե­­րով։