Ազրպէյճանի Դատախազութեան՝ ԱՀ Նախագահի Դէմ Ուղղուած Յայտարարութիւնը Սպառնալիքի եւ Հայատեացութեան Հերթական Դրսեւորումն է. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի դէմ ուղղուած Ազրպէյճանի դատախազութեան՝ վերջերս ըրած յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, քան Արցախի ժողովուրդին ու անոր պետականութեան դէմ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ սպառնալիքի եւ հայատեացութեան հերթական դրսեւորում:

Հակառակ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հետ ունեցած մեր տարաձայնութիւններուն՝ առաջնորդուելով բացառապէս հանրային ու պետական շահերով՝ չենք կրնար անտարբեր մնալ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնարկներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ բացայայտ ոտնձգութեան հանդէպ:

1990-ական թուականներէն մեր ժողովուրդին դէմ յարձակում սանձազերծած եւ այդ ընթացքին բազմաթիւ ռազմական յանցագործութիւններով յայտնի դարձած Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն քողարկել իրենց մեղքերը: 2020 թուականի աշնան պարտադրուած նոր պատերազմի ու անոր իբրեւ արդիւնք ունեցած ծանր կորուստներու խորապատկերին վրայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հանդէպ քրէական հետապնդման գործընթաց սկսելու հաւակնութիւններու մասին յայտարարութիւնը ցինիկ մարտահրաւէր է բոլոր այն կառոյցներուն ու երկիրներուն, որոնց ջանքերով կանխուած է նոր ցեղասպանութիւն իրականացնելու ազրպէյճանա-թրքական ծրագիրը:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ կը յորդորենք հայութեան բոլոր հատուածներուն ու ազգային կառոյցներուն հակարշաւ նախաձեռնելու եւ Ազրպէյճանի ձեռնարկած հերթական հակաարցախեան ահաբեկչական նկրտումներուն մասին իրազեկելու բոլոր պատկան մարմիններն ու քաղաքական շրջանակները: Կասկած չկայ, որ այդ քայլով ազրպէյճանական կողմը նպատակ դրած է արժէզրկելու տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու կոչուած խաղաղարար ուժերու ջանքերը եւ նոր խոչընդոտներ ստեղծելու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու իրաւագիր ունեցող Մինսկի խումբին համար:

Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջենք գործընթաց սկսելու Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ՝ իբրեւ պատերազմի իրական յանցագործներ՝ միջազգային արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու համար:

Կոչ կ՝ընենք «խաղաղութեան դարաշրջանով» ոգեւորուած ուժերուն սթափելու եւ կեդրոնանալու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը սեփական ուժերով կազմակերպելու վրայ:

Արցախի դէմ տարուող բոլոր ծրագրերը հայոց պետականութեան ամրութիւնը սասանելու միտում ունին: Վստահ ենք, որ Արցախի ժողովուրդը հաւատարիմ պիտի մնայ անցած տասնամեակներու որդեգրած սկզբունքներուն եւ արժանապատւօրէն պիտի հակազդէ հակառակորդի կողմէ նախաձեռնած սադրանքներուն ու ահաբեկչական գործողութիւններուն:

ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյց

Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն

Արդարութիւն կուսակցութիւն

Ք. Ստեփանակերտ

16 Փետրուար, 2022թ.