Կորքիի Յիշատակին Կառուցուած Վանի Շատրուանը Դարձեալ Պղծուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Վասպուրական նահանգին մէջ, աշխարահռչակ հայ արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) յիշատակին կառուցուած շատրուանը դարձեալ պղծուած է անյայտ անձերու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Gazeteduvar կայքը։

Վանի Արտամէտ թաղամասի թաղապետարանը շատրուան կառուցած էր 2015-ին՝ շարունակելով բնակիչներուն ու անցորդներուն համար ջուր ապահովելով՝ ննջեցեալներու յիշատակը յարգելու աւանդոյթը: Շատրուանը կառուցուած է Սեւիլ Ռոճպին Չեթինի օրօք, որ քաղաքապետ ընտրուած էր այժմ գոյութիւն չունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն:

Շատրուանի չորս կողմերը թրքերէնով, հայերէնով, քրտերէնով եւ անգլերէնով գրուած էին Կորքիի կենսագրութիւնը: Շատրուանի ճարտարապետները յատուկ տեղական քարեր օգտագործած եւ կառուցած են զայն Կորքիի ընտանիքի Խորքոմ գիւղին մէջ գտնուած նախկին տան մօտերը:

Յուշարձանը նախապէս քանի մը անգամ յարձակումնի ենթարկուած էր:

Քաղաքապետ Չեթին հեռացուած էր պաշտօնէն եւ բանտարկուած էր ահաբեկչութեան մեղադրանքով: Չեթինը փոխարինած է կառավարութեան կողմէ նշանակուած պաշտօնեան, որ դէմ չէ դրած շատրուանին վրայ յարձակումներուն: Ժամանակի ընթացքինն անոր չորս կողմի ծորակները վնասուած եւ խցանուած են, իսկ Կորքիի անունը քերուած է:

Նորագոյն յարձակումին ընթացքին անհետացուած են Կորքիի կեանքի պատմութիւնը պատմող ցուցանակները:

Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ շատրուանին ջուրը անջատուած է՝ քաղաքապետարանը պատասխանեց, որ այդ կապ ունի ջուրի պակասին հետ…