Թուրքիան Կը Մարզէ Ազրպէյճանական Բանակի Նորաստեղծ «komando» Ստորաբաժանումները

Աշխարհ

Թրքական բանակի սպաները կը մարզեն Ազրպէյճանի բանակին մէջ նոր կազմաւորուած «komado» ստորաբաժանումները: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Millatgazete-ն։

Կը նշուի, որ թուրք մասնագէտներու համակարգումով իրականացուող ուսումնամարզական վարժանքներուն ընթացքին «Komando» ստորաբաժանումները ռազմականը բախման նմանեցուած պայմաններու մէջ կը զարգացնեն արգելապատնէշներ յաղթահարելու, լեռնային պայմաններու մէջ մարտ վարելու, պաշտպանական խորութիւններ ներթափանցելու եւ բնակավայրերու մէջ յայտնուած յարձակողական խումբերը շրջափակելու եւ ոչնչացնելու ունակութիւնները:

Ի դէպ,  «Komadno» զօրամիաւորումները ստեղծուած են ազրպէյճանական զինուժի որոշ մոթոհրաձգային զօրամասերու հիմքին վրայ՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք:

Այդ ստորաբաժանումները ցամաքային ուժերու յատուկ շարժուն խումբերն են, որոնք շատոնց լայն տարածում ունին նաեւ թրքական բանակին մէջ: