Հայ Անկախ Պետականութեան Ներկայ Փակուղին եւ ՀՀ Նախագահի Վերջին Խաղաքարտը. (Կարօ Արմենեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հ.Հ. Նախագահին այսօրուան հրաժարականը ինքնին ախտանիշ մըն է, որ կը բացայայտէ բնոյթը հայ անկախ պետականութիւնը ներսէն պատուհասող վարակին։ Նախագահը կու գայ մեզի ըսելու, որ ճգնաժամի առջեւ է պետականութիւնը եւ ինք այլեւս ի վիճակի չէ կասեցնելու գահավէժը։

Իրականութեան մէջ, Պր. Նախագահը իրողապէս (de facto) հրաժարեցաւ այն օրն իսկ, երբ Փաշինեան ստորագրեց անձնատւութեան ամօթալի փաստաթուղթը։ Կ՚ակնարկեմ 2020 Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Յայտարարութեան, որմով Փաշինեան կը շրջանցէր Հ.Հ. Նախագահի սահմանադրական իրաւասութիւնները արհամարհելէ ետք Արտաքին Գործոց նախարարն ու Հ․Հ․ Ազգային Ժողովը։ Յայտարարութեան հրապարակումէն անմիջապէս ետք, նախագահ Սարգսեան յստակացուց, թէ ինք՝ իր նախագահական հանգամանքով դուրս պահուած էր Նոյեմբեր 9-ի գործընթացէն եւ այդ իսկ փաստով շրջանցուած էր Հ․Հ․ Սահմանադրութիւնը։ Նախագահի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, ապօրինի եւ հակասահմանադրական կը հռչակէր Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Յայտարարութիւնը եւ այդ իսկ իրողութեամբ նախագահ Արմէն Սարգսեան կը դադրէր գործելէ որպէս Հ․Հ․․ ․Նախագահ։

Բնական պայմաններու մէջ, այդ իսկ վայրկեանին — եւ Նախագահի ուղիղ միջամտութեամբ — պէտք էր, որ տեղի ունենար Հ․Հ․ պետական կեանքի – օրէնքով կանխորոշուած — մաքրազտումը։ Հ․Հ․ Սահմանադրութեան հանդէպ Վարչապետի առած դաւադրական քայլը պէտք էր արագօրէն յանգէր Վարչապետ Փաշինեանի եւ իր կառավարութեան հրաժարականին։ Նախագահի դիրքորոշումը յստակ էր այս խնդրին մէջ։ Եւ սակայն Փաշինեան կրցաւ կառչիլ իր իշխանական դիրքերուն արագօրէն վարկաբեկելով Հ․Հ․ նախագահի իրաւասութիւններն ու Հ․Հ․ Սահմանադրութեան գերաստիճան հանգամանքը։ Եւ ինքնաբերաբար բացայայտուեցաւ նաեւ Հ․Հ․ Սահմանադրական Դատարանի սնանկութիւնը ուժերու այս յարաբերակցութեան մէջ։ Նոյեմբեր 9-ի դաւադրական աքթով մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին կը պարտադրուէր ոչ միայն ամօթալի անձնատւութիւն մը, այլեւ հայ անկախ պետականութիւնը կը մտնէր սահմանադրական աննախընթաց տագնապի մը քաոսային ծիրէն ներս։

Նախագահ Սարգսեան քանիցս կը մատնանշէ այն իրողութիւնը, որ նախագահական իշխանութեան տրուած են պատասխանատւութիւններ առանց սակայն զայն օժտելու անհրաժեշտ գործիքներով յիշեալ պատասխանատւութիւններու գործարկման համար։ Իրականութիւնը, սակայն, այլ պատկեր կը ներկայացնէ։ Սահմանադրութիւնը նախագահին տուած է ազդու գործիքներ Սահմանդրութեան տիրութիւն կարենալ ընելու բացառիկ լիազօրութեամբ։ Այդ գործիքները, սակայն, սառեցուած են քաղաքական գործընթացի մեքենայութիւններով։ Թէ՛ Սերժ Սարգսեանի եւ թէ՛ Փաշինեանի քաղաքական վարքագծով ձեւաւորուած այլանդակ խորհրդարանները գործնականօրէն ջնջեցին նախագահական իրաւասութեանց անհրաժեշտ գործիքակազմը եւ նախագահական իշխանութիւնը ըրին զինաթափ։ Իրականութեան մէջ, Հ․Հ․ Ազգային Ժողովն էր, որ դադրեցաւ իշխանութիւն ըլլալէ եւ խորհրդարանական իր «զգեստաւորումի» ետին երկիրը վերադարձաւ իր նախկին «նախագահական» կարգավիճակին։ Աւելի վա՛տը։ Ան վերածուեցաւ ամբողջատիրութեան։ Վերահաստատուեցաւ օլիգարխիան իր առանձնայատուկ գործիքակազմով, որ նաեւ կը սահմանէ այսօրուան Փաշինեանական վարչակարգին էութիւնը։ Կը սահմանէ հայ անկախ պետականութեան ներկայ փակուղին, որմէ պաշտօնապէս դուրս գալու իր որոշումն է, որ կը յայտնէ այսօր Նախ. Սարգսեան։

Պէտք է յիշեցնել, որ գործիքներու բացակայութեան խնդիրը նորութիւն չէր պարոն նախագահին համար։ Ան քաջ գիտէր, թէ ի՞նչ բնազդներով պիտի գործէին երկրի օլիգարխիայի ուժերը եւ անդամալուծէին Նախագահը որպէս վերին իշխանութիւն։ Պէտք է ենթադրել, որ ինք այնուամենայնիւ հաւատաց, որ պիտի կարենար ըլլալ դրական դերակատար պետութեան կեանքին մէջ յենուելով իր անձնական հսկայ վարկին վրայ։ Կը յուսար, որ իր ներդրումը տնտեսութեան զարգացման եւ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ զինք պիտի զինէին յատուկ (թէկուզ անպաշտօն) կարողականութիւններով։ Կը յուսար, որ ինք կը յաջողի ըլլալ աւելի մեծ քան իր սահմանադրական հանգամանքը։ Կը յուսար, որ ինք իր կարողականութիւններու կշիռով կը յաջողի ըլլալ հաստատութի՛ւնը եւ ատով իսկ հաստատութիւնը օժտել պատմական գերակայ տարողութեամբ։ Եւ թերեւս այս ակնկալութիւնը հիմնաւորուած էր Սերժ Սարգսեանի վարչապետական կարճատեւ իշխանութեան շրջանին։ Փաշինեանի իշխանութիւնը եկաւ բացայայտելու բոլորովին այլ իրականութիւն։ Փաշինեան եկած էր վերջ տալու Հ․Հ․ Սահմանադրութեան եւ հետեւաբար՝ նախագահական իշխանութեան։

Թէ ինչպէ՞ս զուգադիպեցան պետական համակարգի քայքայման գործօնը (որ Փաշինեանական վարչակարգն է) եւ թշնամիի նախայարձակումը (aggression, ագրեսիա) երկիրը նետելով 44-օրեայ պատերազմի քաոսին մէջ եւ պետութիւնը մխրճելով ներկայ փակուղիէն ներս՝ խնդիր մըն է, որ կը կարօտի անմիջական յստակացման։ Նախ. Սարգսեան իրաւունք ունի հրաժարման որոշում ընդունելու, բայց նաեւ ան ունի բարոյական պարտաւորութիւնը հանրութիւնը լուսաբանելու ներկայ իշխանութեան հետապնդած նահանջական քաղաքականութեան մասին։

Անկեղծօրէն եւ լիովին լուսաբանել հանրութիւնը այն հզօր գործիքն է, զոր պատմութիւնը դրած է իր ձեռքերուն մէջ։ Չգործածել այդ գործիքը իր լիարժէք ուժականութեամբ կը նշանակէ գիտակցաբար մսխել Նախագահի վերջին եւ հզօր խաղաքարտը։ Այս խաղաքարտը այն տարբերութիւնն իսկ է, որ Նախ. Սարգսեան երազած է բերել հայ անկախ պետականութեան եւ հիմա է ժամանակը զայն ազգային արժէքի վերածելու։ Առէ՛ք այդ ռիսքը, Պր. Նախագահ։ Բացէ՛ք թղթածրարը։ Դո՛ւրս բերէք մեր ժողովուրդը Փաշինեաններու ստեղծած ախտաւոր շրջանակէն։ Դիմակազե՛րծ ըրէք ձեր ձեռքերը կապողները։ Ցոյց տուէք, որ մեր երկիրը – թէկուզ վիրաւոր – պարտուած չէ հակառակ Փաշինեանական վարչակարգի սփռած բարոյալքման վարակին։

Ձեր հրաժարականը թող հնչէ որպէս բողոք։ Թող հնչէ որպէս մարտի հրաւէր։ Որպէս սկի՛զբ՝ ձեր նոր լիազօրութեան։ Ոչ՝ որպէս նահանջ եւ որպէս վերջ։ Մի շնորհաւորէք երկիրը քայքայման տանող այս հաւաքածոն իրենց ստեղծած «Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Յանձնաժողով»-ին համար։ Դուք քաջ գիտէք, թէ ինչ բան է այդ սուտը։ Մերկացուցէ՛ք այդ սուտը եւ օգնեցէ՛ք, որ արագօրէն վերականգնի մեր ժողովուրդին բարոյական եւ քաղաքական կորովը ընդդէմ չարիքի ուժերուն եւ ի պաշտպանութիւն մեր պետականութեան։ Այսօր եւս դուք ունիք պարտաւորութիւնը գահավէժը կեցնելու ներշնչելով մեր ժողովուրդին իր քաղաքական ուժի գիտակցութիւնը։ Լիազօրելո՛վ ժողովուրդը՝ որմէ կը բխի ձեր իսկական լիազօրութիւնը։ Դուք ա՛յդ լիազօրութեան զինուորն էք։ Եւ Տէր ընդ ձեզ։