Հայ Սփիւռքի Տարուան Առիթով՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը Նոր Հիմնադրամներ Կը Հաստատէ

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»:

Մեկնելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայ Սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութենէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախ աշխարհի առաւել յաջողութեան եւ հզօրացման համար Հայ Սփիւռքի ուժեղացումը ամէն գնով ապահովելու հեռանկարէն, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ հիմնուեցան չորս նոր հիմնադրամներ.

Ա. ՀԱՅԵՐԷՆԱՒԱՆԴ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000): Նպատակը՝ Ազգային վարժարաններուն մէջ հայոց լեզու եւ դպրութիւն աւանդող ուսուցիչներու տրամադրել նաեւ նիւթական զօրակցութիւն, հոգեւոր եւ բարոյական զօրակցութիւններու կողքին:

Բ. «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ ամրապնդել եռամսեայ երկլեզու նոր պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը՝ իբրեւ հոգեւոր եւ մշակութային սնունդ, հայ ընտանիքներու կեանքին մէջ:

Գ. «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ վերանորոգ թափով եւ նոր ոճով շարունակել սփռումը Ազգային առաջնորդարանի պատկերասփիւռի ծրագիրին, վասն Հայ եկեղեցւոյ գործունէութեան ծանօթացման եւ տարածման:

Դ. ԿՐՕՆԻ ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ Ազգային վարժարաններու եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան եւ նոր սերունդի զաւակներուն տրամադրել կրօնի արդիական դասագիրքեր՝ պատրաստուած դիւրամատչելի ոճով եւ մանկավարժական ժամանակակից ըմբռնումով, որպէսզի հայ մատղաշ հոգիներուն մէջ լաւագոյնս կազմաւորուի հայ-քրիստոնեայ մարդը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ