Հայագիտութեան եւ Պատմութեան BA եւ MA Կրթական Աստիճաններ՝ Պուտափէշթի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանէն. Հաղորդագրութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պուտափէշթի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական Բաժինը ուսանողներուն կ՚առաջարկէ Պսակաւոր Արուեստի (Bacherlor of Arts) եւ Վարպետութեան Արուեստի (Master of Arts) կրթական աստիճաններ, որոնք կ՛ընդգրկեն Պատմութիւն եւ Հայագիտութիւն ուղղութիւններ։ Ծրագիրը կը ներառէ համաշխարհային, հայոց պատմութեան ինչպէս նաեւ գրականութեան, հայերէն եւ հունգարերէն լեզուներու, արուեստի եւ քննական տեսութեան դասեր, մանրամասնօրէն անդրադառնալով նաեւ հայկական սփիւռքին։ Դասաւանդման լեզուն անգլերէն է։ Ներկայիս ունինք մօտաւորապէս երեսուն հայ ուսանող՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Միջին Արեւելքէն։ Ծրագրին դրամական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Հունգարիոյ կառավարութեան Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակը։ Վերջինս կ՛ապահովէ ճամբորդութեան, կեցութեան, սնունդի, կրթավճարի եւ առողջապահական ապահովագրութեան ծախսերը։ Կրթաթոշակին դիմելու ժամկէտն է Յունուար 31, 2022։ Դիմումներու վերջնական յանձնումէն մօտաւորապէս մէկ շաբաթ առաջ, հայագիտական մեր բաժինը կը նախատեսէ առցանց ծանօթանալ եւ զրուցել թեկնածու ուսանողներուն հետ։

Ծանօթացէ՛ք նաեւ Հայագիտութեան Բաժնի կայքէջին եւ եթէ հետաքրքրուած էք, անյապաղ կապուեցե՛ք մեզի հետ, հետեւեալ հասցէին․-

kjallaty@uci.edu

Դոկտ. Կարէն Ճալլաթեան

Կիւլպէնկեան գիտայցելու

Հայագիտութեան Բաժին

Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան