Բաց Քաղաքի, Բաց Երկրի Եւ Ինքնութեան Բաց Դարպասի Մասին (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ ես ալ, շատերու պէս եւ հետ, վաղը գիշեր, երբ քաղաքներ ու գիւղեր, հակառակ բնական աղէտներու, համաճարակի եւ պատերազմներու, ինքնախաբէութեան երջանկութեամբ դիմաւորէի Նոր Տարին, գէթ պահ մը երջանկութեան թատրոն սարքէինք, սահմանները անգիտանալով, հաւատալով խոստումներու, գիտնալով հանդերձ, որ խոստացողները իրենք չեն հաւատար իրենց խօսքին:

Երանի հայ կամաւոր կոյրերուն, իրականութիւնները չտեսնող անգէտներ, շահախնդիրներ, քինախնդիրներ: Անոնք հարցեր չեն տար իրենք իրենց, պատասխաններով չեն անհանգստանար: Իրենց թրթուրի խոզակին մէջ ապաստանած, կ՛երազեն օր մը մետաքս թել հիւսել, ջերմանոցի գեղագէտներ, բախտախաղի սեղանին առջեւ լաւ ապագայ երազողներ, կարմիր ուիսքին սեւով կամ կապոյտով փոխարինողներ, դասակարգ փոխելու երազանք ունեցող երջանիկներ:

Ամէն օր ծագող արեւը այլեւս կարծէք չի լուսաւորեր հայու ներկան, որ ռազմագերիի պատմութիւն է, Եռաբլուր, հազարաւոր մահեր, զորս կը կոչենք հերոսներ՝ մխիթարութիւն փնտռելով, հայրենալքման աղէտ-արտագաղթի լուրեր, դառնացնող պարգեւավճարներու շլացնող եւ դառնացնող գումարներ: Ականջալուր եւ ընթերցող ենք տեղեկութիւններու, որոնք նուազագոյն գիտակցութիւն ունեցող հայը կը յուսալքեն կամ անզօր բողոքի զգացումով կը վարակեն: Լաւով համակուելու պատճառներ չկան, Նոր Տարին յոյսերով դիմաւորելու համար:

Երկրորդ աշխարհամարտին Ֆրանսան պարտուեցաւ: Նացիներու հրետանիի եւ օդանաւերու ռումբերուն տակ Փարիզը քանդումէ փրկելու համար, զայն բաց քաղաք յայտարարեցին, ville ouverte: Նացիներու գործակցող ֆրանսացիները կորաքամակ անձնատուութիւնը չհասցուցին մինչեւ հոն՝ որ քարտէսներու առջեւ նստին եւ յայտարարեն, որ Հռենոսի ափի այս կամ այն քաղաք եւ գիւղ պատկանած են եւ կը պատկանին Գերմանիոյ: Թշնամիի խօսափողը չեղան:

Ըստ զանազան լուրերու արդէն փոքրացուած Հայաստանէն հողաշերտեր տրուած են թշնամիին: 51 թէ 540 քառ. քլմ., աւելի կամ պակաս, ժամանակը ցոյց կու տայ: «Այս ալ տանք, այն ալ տանք», քանի որ այդ տարածքներու վրայ ազրպէյճանցիներ ալ բնակած են, բնակած են նաեւ Արարատեան դաշտին վրայ: Տա՞նք, թէ՞ չտանք…:

Հայաստանի վարչապետը լաւ կ՛ընէ, եթէ քիչ մըն ալ խօսի հազարամեակներ շարունակ հայերու բնակած տարածքներու մասին, երբ այդ աշխարհներուն մէջ ո՛չ թուրք կար ո՛չ ալ ազերի, ինչպէս՝ Արցախ, Նախիջեւան, եւ դեռ Կարս, Վան, Մուշ, Սասուն: Ինչո՞ւ ոչ՝ նաեւ Պաքուի բնակիչ հարիւր հազարաւոր հայերու մասին, որոնք տուն-տեղ ունէին, ունէին հողեր եւ գործատէր էին, Պաքուն զարգացողները հայեր եղած են:

Հայերը ջարդուեցան որովհետեւ հայ էին, չջարդուողները արտաքսուեցան: Ա՛յս պարզ բառով ցեղապաշտութիւն է, եւ այդ մասին չենք խօսիր միջազգային բեմերէ, ուր մեր ձայնը կրնանք լսելի դարձնել: Չի բաւեր հայկական մամուլի բեմէն խօսիլ: Այդ ընելով միայն զիրար կը համոզենք:

Պէտք է խօսիլ նաեւ բաց վէրքի նմանող հայոց Անի մայրաքաղաքի մասին, հոգ չէ թէ աւերակ, որ կառուցուած եւ բնակուած էր հայերով, ունէր հայ թագաւոր: Այսօր միայն սահմանէն կարելի է դիտել լռած եկեղեցիները, ժամանակի աւերին դիմադրող լուռ պարիսպները: Ինչո՞ւ այդ աւերակներուն տէր է Թուրքիան: Ի՞նչ է արդարութեան պատասխանը: Պահանջ չունի՞նք: Թէեւ կրկնութիւն, բայց մեր պապերու ժառանգին տէր չե՞նք:

Եւ հիմա, ինչպէ՞ս որակել թշնամիին պահանջներու մունետիկ իշխանութիւնը:

Զարմանալի է զանգուածի ընդարմացած վիճակը, որ կը լսէ, երբեմն ալ կը ծափահարէ: Բայց ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ կը ծափահարէ:

Ի՞նչ անուն տալ հայրենահանուածներու ժառանգ Սփիւռքի այն հատուածին, որ բանգէտի կամ զբօսաշրջիկի վերաբերում ունի, խուփ աչքերով կը դիտէ եւ չ՛ուզեր տեսնել, որ փոքրացուած Հայաստանն անգամ կը փոքրացնեն, զայն դարձուցած են բաց երկիր, անտէր եւ անպաշտպան:

Հայաստանի իշխանութիւններուն պատերազմի պարտութենէն ետք, քարտէսագիտական-պատմագիտական հռետորաբանութիւնը տարբեր ձեւով կը յիշեցնէ «Փարիզի բաց քաղաք» յայտարարութիւնը: Կարծէք հրաւէր կայ, որ կ՛ըսէ. «Եկէք եւ առէ՛ք ինչ որ կը կարծէք որ ձեզի կը պատկանի»:

Ինչո՞ւ քաղաքական մսկոտութեամբ չենք խօսիր մեզի պատկանածի մասին:

Հիմա Հայաստան «բաց երկիր է», որպէսզի գործերը շարունակուին, «տուրիստ»ները երթան-գան, միջազգային օժանդակութիւնները շարունակուին, եւ խաղաղութիւն ըլլայ:

Ո՞ւր հասնելու համար: Ո՞ւր հասցնելու համար հայու հայրենիքը:

Խաղաղութի՞ւն. ի՞նչ բանի համար, որո՞ւ համար:

Ո՞վ չի գիտեր, չէ հասկցած, թէ ի՞նչ է պահանջուածը: Հայաստան եւ հայութիւն պէտք է վերանան, որպէսզի համաթուրանական կայսրութիւն ստեղծուի, որուն մէջ տեղ չկայ ո՛չ արաբին, ո՛չ քիւրտին, ո՛չ ալ աղուանին, եթէ անոնք չթրքանան, հրաժարելով իրենց ինքնութենէն, որ միայն կրօնք չէ: Թուրքին համար կրօնը նպատակ չէ, միացնող չէ, իր կայսերական երազին հասնելու համար միջոց է: Ժողովուրդներ պէտք չէ թոյլ տան, որ իրենց հաւատքը չարաշահուի թուրքին նոր կայսրութիւնը ստեղծելու համար՝ ի հեճուկս իրենց ինքնութեան եւ իրաւունքներուն:

Կրօնական նեղմտութիւններէ անդին պէտք է նայիլ եւ ազգային-մշակութային ինքնութիւն պաշտպանել:

Ի միջի այլոց պատմական իրադարձութիւն մը չէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան կատարուեցաւ միաձոյլ թրքական պետութիւն ստեղծելու համար, որ համաթուրանական երազի իրականացման սկզբնական կորիզը եւ պատուանդանը ըլլալու դերին կոչուած է: Միջազգային համայնքը այս կամ այն ձեւով Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը չ՛ընդունիր, բայց անտարբերութեամբ կը դիտէ, որ պզտիկ պատերազմներով, ճնշումներով, բնիկներ կը վերանան կամ կը հեռանան-կը հեռացուին, որպէսզի համաթուրանական կայսրութեան երազանքի տարածքները միանան եւ ստեղծուի միատարրութիւն:

Շատերու համար, բացի պատմաբաններու նեղ շրջանակներէ, ոչինչ կը յուշէ Զիա Կէօքալբ (1875-1924): Աւելի քան ուրիշներ, հայեր, անոնք ըլլան գիտնական, մտաւորական, լրագրող, հրապարակագիր, գրող, քաղաքական գործիչ, կուսակցականներ, եւ ժողովուրդ, պէտք է գիտնան, որ Զիա Կէօքալբ համաթուրականութեան (փանթուրանիզմի) քաղաքական տեսաբանն է: Այս տեսութիւնը ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի ոչ-թուրք մահմետական ժողովուրդներու հետ: Զիա Կէօքալբ կը նպատակադրէր նոյն քաղաքական ամբողջի մը մէջ համախմբել թուրք ցեղին պատկանող եւ թրքախօս մարդիկն ու ժողովուրդները, Վոսփորէն մինչեւ Պայքալ, հետապնդելով էապէս լայնածիր ցեղապաշտ կայսրութեան մը ստեղծումը: Հասկնալու համար թէ ո՞ւր կը գտնուինք այսօր, պարզ աչքերով կրնանք տեսնել Թուրքիոյ նախագահին նկրտումները, պզտիկ եւ մեծ քայլերով. Կիպրոս, Պալքաններ, Լիպիա, Սուրիա, Կովկաս, վա՞ղը… Իրմէ առաջ Սուլէյման Տեմիրէլ յայտարարած էր, որ Թուրքիան կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան:

Զիա Կէօքալբի բանաձեւումը յստակ է, գաղտնիք չէ: Ան կ՛ըսէ. «Թուրքերու հայրենիքը Թուրքիան չէ, ոչ իսկ Թուրքեստանը, անոնց հայրենիքը ընդարձակ եւ յաւերժական հողամաս մըն է. Թուրանը» (իրանեան այս բառով կը սահմանուի Իրանի հիւսիսի անորոշ սահմաններով տարածութիւն մը): Հայոց վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ կը յիշուի Էնվէր փաշայի անունը, որ հաւատացողն էր այս քաղաքական ըմբռնումին: Պէտք է հետեւիլ դէպքերու ընթացքին: Թուրքիոյ մէջ, 1919ի խորհրդարանական ընտրութեան, իր հետեւորդները նկատառելի յաջողութիւն ունեցած էին: Այսինքն համաթուրանական երազը մենք մեզ վախցնելու կոչուած մեր կողմէ հնարուած խրտուիլակ մը չէ, ինչպէս ըսած էր տխրադէմ նախագահ մը:

Թուրքիոյ եւ թուրքին հետ համագործակցութիւն հաստատելէ առաջ, ճիշդ պէտք է գնահատել կացութիւնը, հասկնալ, որ ո՞ւր կրնան առաջնորդել ներկայի անհեռանկար եւ ենթադրաբար շահադիտական-քաղաքական ճապկումները:

Ֆրանսական առածը կ՛ըսէ, որ «իրողութիւնները յամառ են»: Այդպէս են նաեւ մեր անցեալին եւ ներկային վերաբերող խնդիրները, որոնք տպաւորիչ ճառով, խօսքի աճպարարութեամբ եւ պարտուողական ներողամտութեամբ չեն անհետանար: Զիա Կէօքալբի սահմանած համաթուրականութիւնը ներկայ է: Ապահովաբար, վերլուծական կեդրոններ ունեցող երկիրները, Եւրոպա, Ռուսիա, Ամերիկա, նաեւ՝ արաբական երկիրները, Չինաստան, այս գիտեն: Հռոմի քահանայապետ մը խօսած էր «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» մասին: Բոլոր երկիրներն ալ, բռնուած նոյն այդ «դրամի կայսերապաշտութեան» ցանցին մէջ, չեն ուզեր տեսնել վերահաս վտանգը եւ իրենց նեղմիտ շահախնդրութիւններուն հետեւելով, զայն կանխելու ճիգ չեն ըներ: Պատմութենէն չե՞ն սորված, որ վաղը միշտ ուշ է:

Կրակի առաջին գիծին վրայ գտնուող Հայաստանը կը յաւակնի ինքնուրոյն խաղալ, խօսքէն անդին քայլ առնող դաշնակից չունի: Իսկ այդ բացակայ դաշնակիցները, օր մը սուղ պիտի վճարեն իրենց կամաւոր կուրութեան եւ անպատասխանատուութեան համար, ինչպէս այդ պատահեցաւ երկու համաշխարհայիններուն ընթացքին: Այս գիտնալով պէտք է առաջնորդուին Հայաստանի յարաբերութիւնները, երբ կ՛ընտրուին խօսակիցներ եւ գործակիցներ, առանց միամիտ-անմիտ նախասիրութիւններու, յանձնառութիւններու, զիջումներու:

Ինչո՞ւ չփորձենք համաթուրականութեան եւ համաթրքական քայլ առ քայլ ընթացող քաղաքականութեան վրայ հրաւիրել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ մեծանուն ժողովներու հռետորաբանութեան մէջ տեղ չտալ այս համաշխարհային սպառնալիքներուն, եթէ խաղաղութեան ճառերը դատարկաբանութիւն չեն:

Վտանգուած Հայաստանը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, աւելի քան երբեք ինքնապաշտպանութեան պարտականութիւն ունի, միաժամանակ միջազգային համայնքը դնելու իր պատմական պատասխանատուութեան առջեւ:

Տեսիլք եւ ազգի ապագայի հեռանկարը ունեցող ոչ-սիրողական ղեկավարութիւն կը փնտռուի, որ գերանցէ ամէն կարգի ամբոխահաճութիւնները (populismes), որ դրօշի տակ ալ ներկայանայ ան:

Նոր տարի: Մեր խոր մտահոգութիւններուն եւ քիչ մըն ալ մեր յոյսերուն տարին: Կանգ առնել, թեւաթափ ըլլալ, մահ է:

Յիշել ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սէնթ-Էկզիւբերիի խօսքը. «…ոտքի կանգնիլ, առնել առաջին քայլը, ապա երկրորդ առաջին քայլը», եւ շարունակել քալել: Խարխափումները եւ սպասումը ճիշդ տեղ չեն հասցներ:

Այս տագնապեցնող մտածումները չեն վերաբերիր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, անոնք համահայկական են: Արդէն կը պահանջեն, որ հայութիւնը, մասնաւորաբար անոր հայրենահանուած աքսորական զանգուածները հրաժարին իրենց յիշողութենէն:

Արդէն Նոր տարին սկսած է: Օրացոյցը չի սպասեր խօսքի աւարտը:

Տագնապ եւ պարտութիւն ընդունիլ եւ աւաղել տեղ չեն առաջնորդեր:

Վերնախաւը, «մոդա»յիկ ձեւով այսպէս կոչուած «էլիդա»ն, պէտք է շրջանցել եւ զանգուածը պէտք է տէր կանգնի իր ճակատագրին, ինքնութեան եւ հողին:

Այս ըսող Արամ, Կանտի կամ Մանտելա կը փնտռուի: Իրա՛ւը: Եւ լսող ժողովուրդը, որ Քամչաթքայէն պիտի չգայ: