Չանղըրըի 99 Հատիկով Համրիչը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Անժխտելի Մէկ Վաւերագիրը. Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մոնրէալ

Այս յօդուածը գրած էինք 2015-ին, որ արտատպուած էր հայկական մամուլին մէջ 2015-2016-ին: Այդ թուականէն ետք իմացանք Հայրենաբնակ Կարինէ Աւագեանին կատարած նոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք յաւելեալ կարեւոր եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն այս յօդուածին առնչութեամբ: Հետեւաբար տուեալ նոր տեղեկութիւնները ներմուծեցինք մեր նախապէս գրած յօդուածին մէջ եւ այսօր կը ներկայացնենք այդպիսին:

1915-ի Ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ մէջ կատարուեցան մեծածաւալ ձերբակալում-ներ՝ թրքական իշխանութեան կողմէ նախապէս պատրաստուած ցուցակի մը հիմամբ: Շուրջ 220 հայ երեւելիներ, որոնց մէջ կային մտաւորականներ, առեւտրականներ, բժիշկներ, դեղագործներ, հոգեւորականներ, փաստաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ, անակնկալօրէն ձերբակալուեցան եւ բանտարկուե-ցան Պոլսոյ մօտերը գտնուող Այաշ գիւղաքաղաքին մէջ: Այս բանտարկեալ-ներէն 45-ը շուտով սպաննուեցան, իսկ մնացեալը  փոխադրուեցան Չանղըրը քաղաքի բանտը՝ իբրեւ աքսորավայր: Հոն ալ սպաննուեցան աքսորական խում-բէն որոշ թիւով հայ երեւելիներ:

Մնացեալ բանտարկեալներէն՝ պոլսեցի առեւտրական եւ թաղապետ Վարդե-րես Աթանասեան, որ աւելի ուշ նահատակուած է Տէր Զօրի անապատի Մեսքենէ քաղաքին մօտերը, իր 99 հատիկներով համրիչին վրայ փորագրած է իր եւ մնացեալ բանտարկեալներէն 103-ին անունները: Համրիչին հատիկները իրա-րու կապող մեծ հատիկին վրայ գրած է՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»:

Չանղըրըի համայնապատկերը 1915-ին

Վարդերես Աթանասեանի ձերբակալութենէն քանի մը օր ետք, թուրք կառապան մը հասած է անոր տունը եւ տիկնոջը՝ Սրբուհիին ըսած է. «Ձեր ամուսինը ինծի ժամացոյց մը նուիրեց եւ խնդրեց որ այս մասունք-համրիչը յանձնեմ ձեզի»: Սրբուհին ստանձնած է ամուսնոյն համրիչը, առանց անդրադառնալու համրիչին հատիկներուն վրայի փորագրութիւններուն: Այդ օրէն ետք, Վարդերես Աթանասեան բնաւ տուն չէ վերադարձած: Վարդերես Աթանասեանի դուստրը՝ Էօժէնի, Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատելով, հաստատուած է Փարիզ, իր հետ ունենալով հօրը համրիչը: 1946-ին ան փոխադրուած է Հայաստան ու հաստատուած՝ Երեւան: 1965-ին, Էօժէնի Աթանասեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք, անդրադարձած է որ իր հօր թողած համրիչ մասունքը արժէքաւոր էր ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլեւ՝ ողջ հայ ազգի համար: Ուրեմն, ան 1965-ին համրիչ-ուլունքաշարը նուիրած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին: Համրիչը կը ցուցադրուի թանգարանի ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ: Անիկա ոչ մէկ մակագրութիւն ունեցած է, ոչ մէկ արձանագրութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակ մը եւ վկայութիւն մը ըլլալուն մասին, միայն գրուած է՝ «19-20րդ դարերու զարդարուեստ»:

Մինչեւ 1984, ոչ մէկը պատկերացուցած է, որ այդ համրիչը հայ աքսորեալի մը սովորական յիշատակը չէ, այլ՝ հայ ժողովրդի պատմութեան խորհրդաւոր մէկ փաստաթուղթ-վաւերագիրը: Թանգարանին պաշտօնէութենէն ոչ մէկը հետաքրքրուած է պատմական համրիչով, եւ անիկա մնացած է իր անշուք ցուցափեղկին մէջ: 1984-ին, թանգարանի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան-հնագէտ Կարինէ Աւագեան, որ 27 տարիներ գործած է հոն, սկսած է պատրաստել Պարոյր Սեւակի 60-ամեակի նուիրուած պատի թերթիկ մը: Պատրաստութեան ընթացքին, ուշադրութիւնը գրաւած է ցուցափեղկին 99 հատիկներով համրիչը:

Մանրակրկիտ քննութենէ ետք, ան անդրադարձած է անոր պատմական կարեւորութեան: Կարինէ նկարած է համրիչը եւ նկարը տեղաւորած՝ պատի թերթին մէջ, գրելով. «Վերագտնուած Մասունք»:

Կարինէ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրած է համրիչին պատմականը: Ի յայտ եկած են հետեւեալ մանրամասնութիւնները. համրիչը կազմուած է 99 հատիկներէ: 97 հատիկներէն իւրաքանչիւրին վրայ Վարդերես Աթանասեան փորագրած է Չանղըրըի բանտը աքսորուած հայու մը անունը: 55-րդ հատիկին վրայ փորագրած է երկու անուններ`Պարտիզպանեան եւ Գայըգճեան, իսկ 86-րդ հատիկին վրայ՝ 4 անուններ՝ Օհնիկեանք (Գրիգոր եւ երեք զաւակներ՝ Արամ, Յովհաննէս եւ Մկրտիչ): 71-րդ հատիկին վրայ փորագ-րած է իր անունը եւ հատիկները իրարու կապող աւելի մեծ հատիկին վրայ՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»: Վարդերես բանտին մէջ գտնուող աքսոր-եալներէն միայն 103-ին անունները փորագրած է համրիչի հատիկներուն վրայ:

Վարդերես Աթանասեանի համրիչը, 99 հատիկներուն վրայ
փորագրուած է Չանղըրըի հայ բանտարկեալներուն անունները

Ահաւասիկ համրիչին հատիկներուն վրայ փորագրուած հայ բանտարկեալ-ներուն անուանացանկը` համրիչի հատիկի թիւի կարգով (պահած եմ համրիչին վրայի գրութիւններուն հարազատութիւնը:

  1. Կոմիտաս վ., 2. Յովհան Վ, 3. Քաջունի քհնյ., 4. Ճէվահիրճի, 5. Ռ. Սեւակ, 6. Միսքճեան, 7. Թօփճեան, 8. Վարդան քհնյ., 9. Գ. Ճէլալ Գրիգոր, 10. Գազազեան, 11. Թորգոմեան – բժիշկ, 12. Պօղոսեան, 13. Տինանեան, 14. Միրզա Քեթենճեան, 15. Ալթունեան – ատամնաբոյժ, 16. Կիւլիստան, 17. Զարեհ, 18. Եզնիկ, 19. Ասա-տուր Վ. – դեղագործ, 20. Մանիկեան, 21. Զարիֆեան, 22. Միսքճեան, 23. Հաճեան, 24. Ղազարոս, 25. Թէրզեան, 26. Նշան, 27. Նարկիլէճեան, 28. Արսենեան, 29. Դանիէլեան Պ. – փաստաբան, 30. Չերագ Գասպար 31. Մովսէս, 32. Տ. Քէլէկ Տիգ-րան խմբագիր, 33. Բ. Քէչեան Բիւզանդ, 34. Թօփճեան, 35. Անտոնեան Արամ, 36. Թօլայեան, 37. Շահնուր, 38. Մ. Մրենց-ուսուցիչ, Սարգիս Գըլճեան, 39. Խօճա-սարեան Հայկ, 40. Վարուժան Դանիէլ, 41. Շամտանճեան, 42. Չավուշեան, 43. Թապագեան, 44. Տխրունի-Արիս Իսրայելեան, 45.Աղապապեան, 46. Բարսեղ-եան Արմենակ, 47. Տօրեան, 48. Եսայեան, 49. Գոչո Արթին, 50. Երջանիկ, 51. Զենոբ, 52. Խաչիկ, 53. Հրանդ 54. Երեւում, 55. Լևոն-2 (Պարտիզպանեան եւ Գա-յըգճեան), 56. Ագրիկ, 57. Գանթարեան, 58. Կոզմոս, 59. ՊԷյլերեան, 60. Թաշճը-եան, 61. Հանեսեան, 62. Արամ, 63. Մելիք, 64. Տէօվլեթեան, 65. Քէհեաեան–արհեստաւոր, 66. Մառազաճեան, 67. Պասմաճեան, 68. Սելքոնեան, 69. Զպճը ճարտարապետ, 70. Արսլանեան, 71. Վարդերես-մուխբար, 72. Ֆէրուխան, 73. Սարաֆեան, 74. Ալթունեան, 75. Ճամպազ Աբիկ, 76. Հրաչ, 77. Մոմճեան, 78. Գա-լէնտէր, 79. Վաղինակ, 80. Գալֆայեան-պաշտօնեայ, 81. Պէյլեբեան, 82. Պարոյր Արզումանեան, 83. Նոյիկ–յանձնակատար, 84. Թաթարեան, 85. Քէօլէեան, 86. Օհնիկեանք-4 (Գրիգոր, զաւակներ՝ Արամ, Յովհաննէս, մկրտիչ), 87. Թէրլէմէզ–սեղանաւոր, 88. Տէր Գէորգեան, 89. Պասմաճեան, 90. Գայըգճեան, 91. Ինճիճեան, 92. Գարակէօզեան, 93. Մանեասեան, 94. Ղոնչէկիւլ 95. Փարիսեան, 96. Գորեան-վճռկն, 97. Քերոբեան-պատուելի, 98. Թումաճան, 99. Պալագեան-ծ.վ Գրիգորիս:
Վարդերես Աթանասեանի համրիչը, 99 հատիկներով
եւ 103 անուններու ցանկը

1992-ին, Կարինէ հանդիպած է Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալագեանի «Հայ գողգո-թան» գիրքին. ան կը վերյիշէ որ վարդապետին անունը փորագրուած էր համ-րիչին 99-րդ հատիկին վրայ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած է վարդապե-տին գիրքը եւ ստուգած է որ վարդապետ Պալագեան յիշած է միայն 69 աքսոր-եալներու անուանացանկը: Ուստի Կարինէին համար «Հայ գողգոթան» դարձած է խթան՝ աւելի խորապէս ուսումնասիրելու համրիչին 99 հատիկներուն վրայ փորագրուած անունները: Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններէ ետք, ան հե-տեւողական աշխատանքով եւ պրպտումներով կարողացած է գտնել համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած  անուններու  ժառանգորդներէն  շատերը, կապ հաստատած է անոնց հետ եւ անոնցմէ հաւաքած է մանրամասն տեղե-կութիւններ: Այս բոլորէն ետք, Կարինէ Աւագեան 2002-ին հրատարակած է «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի» գիրքը, որ համրիչին վերծանումի պատմութիւնն է: Գիրքին հրապարակումէն ետք, Կարինէին փո-խանցուած են նորանոր տեղեկութիւններ՝ համրիչի հատիկներուն վրայ արձա-նագրուած անուններու կարգ մը ժառանգորդներէն:

Կարինէ Աւագեան իր գիրքին մէջ յիշատակած է համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անուններուն կենսագրականները, անոնց աքսորի ճանա-պարհը, նկարագրած է նահատակներու եւ վերապրողներու կեանքը ու իւրա-քանչիւրի մասին յիշատակած է որոշ տեղեկութիւններ: Ան յիշած է համրիչի անուններէն՝ 35 նահատակներուն եւ 61 վերապրողներուն անունները. իսկ մնացեալ 7 անուններու մասին տեղեկութիւն չէ կրցած հաւաքել: Ան թուղթին յանձնած է նաեւ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք ստացած է վերոյիշեալ անուններու ժառանգորդներէն, օրինակի համար՝ բժիշկ Ճեւահիրճին ազատած է աքսորէն, որովհետեւ ան եղած է Սուլթանի կիներուն կնաբուժը (gynecologist):

Ահաւասիկ Համրիչին վրայ արձանագրուած անուններու մասին Կարինէ Աւագեանին հաւաքած տեղեկութիւններէն բաժիններ՝

  1. Կոմիտաս վարդապետ  Պոլիս  վերադարձած է Մայիսի 2-ին, միջնորդութեամբ Մեճիտ իշխանի և ամերիկեան դեսպան Մորկընթաուի:
  2. Յովհան Վ. Կարապետեան, վերապրող եղած է, վերադարձած է զինադա-դարին:
  3. Քաջունի քհն. Հուսիկ (1851-1916), Արաբկիրցի, դաշնակցական, վախճանած է Տէր Զօրի ճանապարհին՝ Մեսքենէի Համմամ կայանին մէջ:
  4. Ճէվահիրճի Միսաք, Կեսարացի (1858-1924): Ասպարէզով բժիշկ, եղած է դա-տաստանական խորհրդի անդամ: Աքսորէ ազատած է արքունի կանանց բժիշկ եւ իր գործընկերոջ Բեսիմ Օմեր փաշայի միջնորդութեամբ:
  5. Ռուբէն Սեւակ Չիլինկիրեան. Նահատակուած է Չանղըրըի եւ Գալայճըքի ճանապարհին՝ Թիւնէ կոչուած վայրը (13/26-08.1915):
  6. Միսքճեան Ստեփան (1852-1915), բժիշկ, մանկաբարձ և վիրաբուժ, Օրթաքեոյի բնակիչ, եւ տեղւոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ թաղային խորհրդի անդամ: Նահատակուած է  էնկիւրիի մօտ:
  7. Թօփճեան Յակոբ, ռամկավար, հանրային գործիչ, խմբագիր, վերապրող:
  8. Վարդան Գարակէօզեան, ֆերիքէոյի քահանայ, վերապրող:
  9. Գ. Ճէլալ-Գրիգոր, հնչակեան գործիչ, վերապրող:
  10. Գազազեան, բժիշկ-դեղագործ, հանրային գործիչ, վերապրող:
  11. Թորգոմեան Վահրամ (1858-1942), բժիշկ, հանրային գործիչ, վերապրող: Աքսորէ ազատած է Մեճիտ իշխանի միջնորդութեամբ, եղած է Մեճիտ իշխանին անձնական բժիշկը:
  12. Պօղոսեան, ջլախտաբոյժ, վերապրող:
  13. Տինանեան Բարսեղ, բժիշկ, հանրային գործիչ, վերապրող:
  14. Միրզա Քեթենճեան, դաշնակցական գործիչ, վերապրող, 1920-ին Ուրֆայի թուրքերուն դէմ ժողովուրդի պայքարը ղեկավարողներէն եղած է:
  15. Ալթունեան Վահան, ատամնաբուժ, վերապրող: Դիմումով ազատած է 1915-ին Օգոստոս б-ին, ճանապարհին բանտարկուած է էնկիւրիի մէջ, քշուած է Տարսոն, եւ Պոլիս  հասած է Սեպտեմբերի 22-ին:
  16. Կիւլիստան, ատամնաբուժ, վերապրող:
  17.   Վահրամ Ասատուրեան, դեղագործ, Կետիկ փաշայէն, վերապրող: Մեսքե-նի մէջ ծառայած է  որպէս բժիշկի օգնական եւ մեծապէս օգտակար եղած է հոնկէ անցնող տարագիր հայութեան:
  18. Մանիկեան Պետրոս, դեղագործ և հանրային գործիչ, վերապրող:
  19. Զարիֆեան Աւետիս, դեղագործ և հանրային գործիչ, վերապրող:
  20. Միսքճեան Գրիգոր (1865-1915), դեղագործ, նահատակուած է բժիշկ եղբօր’ Ստեփանի Միսքճեանի հետ  էնկիւրիի մօտ:
  21. Հաճեան Գ., դեղագործ, զինադադարին վերադարձած է:
  22. Թէրզեան Յակոբ (1879-1915), Հաճնցի, դեղագործ, հնչակեան գործիչ, նա-հատակուած է էնկիւրիի մօտ:
  23. Գալֆայեան (1865-?), ճարտարագէտ, երկրագործ, հանրային գործիչ. 1924-ին Տեղափոխուած է Յունաստան, 1927-ին գացած է Իրան որպէս շահի կալուածներու գիտական ճիւղի պետ: Ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիայի թղթակից անդամ:
  24. Նարկիլէճեան Յակոբ, զինուորական դեղագործ, հանրային գործիչ, վե-րապրող:
  25. Արսէնեան Ասատուր, դեղագործ, նահատակուած է Տէր Զօր:
  26. Դանիէլեան Պ., փաստաբան, դաշնակցական գործիչ, Եոզկատցի, նահա-տակուած է Տէր Զօրի կողմերը:
  27. Չերազ  Գասպար (1850-1928), փաստաբան, աքսորուած Է մեծանուն եղբօր՝ Մինաս Չերազի փոխարէն, զինադադարին վերադարձած է,  եղած  է ջարդարարներու դատավարութեան վկաներէն մէկը, ապա կորսնցուցած  Է հոգեկան հաւասարակշռութիւնը:
  28. Մովսէս Պետրոսեան, ուսուցիչ, դաշնակցական գործիչ, Պուլկարահայ ըլլալով ազատած է և մեկնած է Սօֆիա:
  29. Քէլէկ Տիգրան-Տիրան (1862-1915), Սապահ թերթի խմբագրապետ, ռամկավար ատենապետ, նահատակուած է Սեբաստիոյ Գըզըլ ըրմաք կամուրջի մօտ, պատերազմական ատեան տարվելու ճանապարհին ջրամոյն եղած է:
  30. Քէչեան Բիւզանդ (1859-1928) «Բիւզանդիոն»-ի խմբագրապետը, դիմումով Պոլիս վերադարձած է:
  31. Անտոնեան Արամ (1881-1952), Չանդըրը-է էնկիւրի տարուած է, սակայն փրկուած է ոտքը կոտրուելու պատճառով: Գրող, հրապարակախօս, խմբագիր, «Մեծ ոճիրը» վավերագրքի հեղինակը, Սողոմոն Թեհլերեանի դատավա-րութեան վկաներէն մէկը:
  32. Թօլայեան Երուանդ (1883-1937), երգիծաբան, «Կավռօշ» թերթի խմբագիրը, դիմումով ազատած է, զինադադարէն ետք ունեցած է թատերական գործունէու-թիւն (1918-1922-ին):
  33. Շահնուր Ներսէս, Կեսարացի, Բերայի Ս. Գր. Լուսաւորչեան Կաթողիկէ վարժարանի երիտասարդ ուսուցիչ, նահատակ:
  34. Մարգիս Գըլճեան, գրագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր, դաշնակցական գործիչ, վերապրող: Աքսորավայրէն փախած է Գոնիա, ապա Պոլիս:
  35. Խօճասարեան Հայկ, բազմավաստակ ուսուցիչ և հանրային գործիչ, ազգային երիսփոխան, վերապրող:
  36. Վարուժան Դանիէլ (1884-1915), բանաստեղծ, Բերայի Ս. Գր. Լուսաւորչեան վարժարանի տեսուչ, դաշնակցական, նահատակուած է 13/26.08. 1915-ին, իր զաւկին ծնած օրը:
  37. Շամտանճեան Սիքայէլ (1874-1926), ուսուցիչ, գրագէտ, խմբագիր «Ոստան»-ի, թարգմանիչ, հանրային գործիչ, վերապրող, զինադադարին Պոլիս դարձած է:
  38. Չաւուշեան Երուանդ (1867-1916), ուսուցիչ,  հնչակեան կուսակցութեան անդամ, վախճանած  է Համմամ կայան՝ Եփրատի եզերքը, Մեսքենէի եւ Տէր Զօրի միջև. Եղած է Հուսիկ Քաջունի քահանայի հետ նոյն վրանին մէջ:
  39. Թապագեան Միհրան (1878-1915), ուսուցիչ, գրագէտ, դաշնակցական, նահատակ:
  40. Տխրունի Արիս Իսրայելյան (1885-?), ուսուցիչ, բանաստեղծ, դաշնակցական:
  41. Աղապապեան Լ. (1887-1915), Բաղեշցի, թուագէտ, խմբագիր, նահատակ:
  42. Բարսեղեան Արմենակ, Ներսիսեան ճեմարանը ավարտած է, փիլիսոփա-յութիւն ուսանած է Պերլին, ուսուցիչ, Բերայի բնակիչ, դաշնակցական, վերապող:
  43. Տօրեան Արմէն (Հրաչեա Սուրենեան) (1892-1915), բանաստեղծ, ուսուցիչ: Չանղըրը բերուած է, ապա քշուած է էնկիւրի ու նահատակուած է:
  44. Գոչո Արթին-Բեքմեգեան , Օրթաքէոյի հացավաճառ, նահատակուած է Թիւնէ 13/26.08. 1915-ին:
  45. Երջանիկ Արամ  (1865-1915), գաւառացի ձեռներէց, սեփականատէրը’ Պահճէ Գափուի համանուն ճաշարանի, ուր կը հաւաքուէին մտաւորականներ և այլ գործիչներ: Նահատակ:
  46. Երեւում, ծխախոտի մաքսանենգ, իր համարձակ կերպարով Վարուժանին այնքան գրաված է, որ ուզած է անոր բանաստեղծութիւն նուիրել.
  47. Լեւոն Պարտիզպանեան (1887-1915) բժիշկ. Օսմանեան բանակի մէջ հարիւրապետի աստիճանի իր համազգեստով ձերբակալուած է և աքսորուած: Հանրային գործիչ, դաշնակցական, վերապրող:
  48. Լեւոն Գայըգճեան վաճառական, Միհրան եւ Գէորգ եղբայրներու հետ նա-հատակուած է էնկիւրի:
  49. Ագրիկ Քերեսբեճեան, ծնած է Գարթալ, (1855-1915), եղած է գիւղի «Մէճլիսը Իտարէ»-ի ամդամ, ատաղձավաճառ, անկուսակցական:
  50. Պէյլէրեան Յսւկոբ, վաճառական, հանրային գործիչ, վերապրող, աքսորուած է հօրը հետ:
  51. Թաշճեան Կարապետ, վերապրող:
  52. Արամ, հավանաբար Օհնիկեանի զաւակներէն մէկը, վերապրող:
  53. Տէօվլեթեան Կարապետ, հանրային գործիչ, վերապրող:
  54. Քէհեաեան Վահան (Տէօքմէճի Վահան), Արհեստաւոր, Ուրֆացի (1874-1915), Զեյթունի Պրունիի գործարանի ձուլող, հնչակեան, ամբաստանուած է ուժանակ պատրաստելու կասկածով, դատապարտուած է պատերազմական ատեանի կողմէ, աքսորուած է  Չանղըրը, նահատակուած է Թիւնէ 13/26-08 1915-ին:
  55. Մառազաճեան Օննիկ (1878-1915), Պապը Ալի ճատտէսի «Վաթան» կազմատան տէրը: Գումգափուի «Յաոաջդիմասէր ընկերութեան» ատենապետ, նահատակուած է Թիւնէի 13/26.08. 1915-ին:
  56. Պասմաճեան Մանուկ, ճարտարապետ, մտաւորական և հանրային գործիչ, վերապրող:
  57. Սելքոնեան Սիմոն, Օրթագիւղէն, ճարտարապետ, վերապրող:
  58. Զպճը, ճարտարապետ  կաթոլիկ:
  59. Արսլանեան, առևտրական:
  60. Վարդերես Աթանասեան (1874-1916), Բերայի, Ֆէրիքէօյի «մուխթար»-ը, հնչակեան, համրիչը փորագրող աքսորականն է, նահատակուած է Սեսքենէի կողմերը:
  61. Ֆէրուխան Բարունակ (1884-?), Ելեւմտ. նախարարութեան Մագրի Քէօյի մասնաճիւղի պաշտօնեայ, ջութակահար:
  62. Ալթունեան, առևտրական, նահատակ:
  63. Ճամպազ Աբիկ, հայ կաթողիկէ, Բերայէն, առևտրական, նահատակ:
  64. Հրաչ, Հայկ Թիրեաքեան (1971-1915), ազգային երեսփոխան, դաշնակցա-կան, նահատակուած է էնկիւրէ, իր իսկ դիմումով փրկած է իր անուանակից  Այաշ աքսորուած  ծերունի նպարավաճառը:
  65. Մոմճեան, Ռուս հիւպատոսարանի թարգմանիչ, նահատակուած է էնկիււ-րիի մօտ:
  66. Գալենտերան Արամ, օսմանեան դրամատան պաշտօնեայ, հանրային գոր-ծիչ, դիմումով դարձած է վերապրող:
  67. Վաղինակ Պարտիզպանեան, Շիրքէթի Խայրիէի պաշտօնեայ, հանրայիյ գործիչ, վերապրող:
  68. Գալֆայեան Յարութիւն (1870-?), Թալասցի, պաշտօնեայ, հօրեղբօր որդին համրիչի թիւ 26 Գալֆայեանին, աքսորի օրը Մագրիքէօյի թաղապետութեան նախագահ եղած է, հասարակական գործիչ, յայտնի դաշնակցական:
  69. Պէյլերեան, աքսորուած են հայր և որդի.
  70. Նոյիկ Տէր Ստեփանեան, երզնկացի, յանձնակատար, աքսորուած  է կուսակցականներուն գէնք հայթայթելու մեղադրանքով, վաճառական, վերապրող:
  71. Թաթարեան Ստեփան, առևտրական, վերադարձած է զինադադարէն ետք  Չանղըրը- Կեսարիա-Հալէպ ճանապարհը կտրելով:
  72. Քէօլէեան Գէորգ կամ Յովհաննէս, Օհնիկեաններու գործակիցը, նահատակուած է էնկիւրիի մօտ:

73-77. Օհնիկեանններ՝ հայր եւ երեք որդիք.

ա. Հայրը’ Գրիգոր, 75-ամեայ տարիքի վախճանած  է Չանղըրը,

բ. Արամ, տարրագէտ, վերապրող,

գ. Յովհաննէս, վախճանած  է Պելեմետիկի մօտ,

դ. Մկրտիչ,  նահատակուած է Տէր Զօրի մէջ:

  1. Թէրլեմէզ Օհաննէս, Վանեցի, սեղանաւոր, դիմումով ազատած է, էնկիւրիի մէջ բանտարկուած է, քշուած է Տարսոն, Պոլիս հասած է 1915-ի Սեպտեմբերի 22-ին:
  2. Տէր Գէորգեան Ներսէս, վաճառական.
  3. Պասմաճեան Մկրտիչ, զինավաճառ.
  4. Գայըզճեան Միհրան, վաճառական, նահատակուած է էնկիւրի, աքսոր-ուած են երեք եղբայրներ միասին. Լեւոնը’ հաւանաբար համրիչի թիւ 55-ի անուանակիցներէն մէկն է, Գէորգը’ համրիչի ցանկին մէջ չէ, երկուքն ալ նոյնպէս նահատակուած են էնկիւրի:
  5. Ինճիճեան Գառնիկ, վաճառական, հանրային գործիչ, դիմումով վերադար-ձած է:
  6. Մանեասեան Աստուածատուր, վաճառական, վերապրող:
  7. Ղոնչէկիւլ Խոնճեկուլեան, ակնոցի վաճառական, վախճանած  է Մեսքենէի կողմերը:
  8. Փարիսեան Արտաշէս, վաճառական, վերապրող:
  9. Գորեան Յակոբ, 70 տարեկան վաճառական, Ակնցի, եղած է երբեմն ուսու-ցիչ, բանտարկուած է Էնկիւրիի մէջ, քշուած է Տարսոն ապա Պոլիս է հասած է:
  10. Սամուէլ Թոմաճանեան, հնչակեան գործիչ, նահատակ:
  11. Պալագեան Գրիգորիս, ծայրագոյն վարդապետ (1879-1934), Թոքաթցի, փախած է Տէր Զօրի ճանապարհին վրայ 1916-ի Ապրիլի 2-ին, հասած է է Պելեմետիկ կերպարանափոխուած եւ ծպտուած:  Վերապրած է: Եղած է Սողո-մոն Թեհլիրեանի դատավարութեան վկաներէն մէկը: Կեանքի վերջին տարին-երուն եղած է ֆրանսահայ գաղութի հոգևոր առաջնորդը:

Այստեղ կը մէջբերեմ Գրիգորիս Ծ.Վ. Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» գիրքին մէջ յիշատակած մէկ գրութիւնը Կոմիտասի մասին Չանղըրըի բանտին մէջ՝

– Իսկ հոս Չանկըրիի մեծազանգուած զօրանոցին ամրակուռ պարիսպներուն ետեւ, ջարդուփշուր եղած պատուհաններէն փչող հիւսիսի սառնաշունչ գարնա-նային փոթորկին դէմ, մենք 150 է աւելի Պոլսէն աքսորական մտաւորականներ եւ ընկերներ ի մի եկած, առանց խտրութեան կուսակցութիւններու եւ դասա-կարգի, հաւատացեալի՝ թէ կրօնքի անտարբերի եւ կամ թերահաւատի, մթնշա-ղին մոմի տմոյն լոյսի մը մէջ, ժամերգութիւն կը կատարէինք։ Երբ Կոմիտաս վարդապետ սկսաւ իր մելամաղձոտ եւ սրտառուչ “ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱՆ” ծայր առաւ հեկեկանք մը ամէն կողմէ, որը հնար չէր զսպել։ Կու լայինք ամէնքս ալ տղու պէս. կու լայինք մեր ձգած սիրելիներուն վրայ, կու լայինք մեր սեւ ճակատագրին վրայ, կու լայինք մեր ազգի անբախտութեան վրայ, կու լայինք անցուցած մեր արիւնի օրերուն վրայ, առանց ենթադրելու, թէ արեան աշխար-հաւեր աննախընթաց նոր փոթորիկներու արդէն նախօրեակին կը գտնուէինք։ Երբ ազգ ու հայրենիք ի մի հարուած պիտի փորձէին բնաջնջել մեր ցեղային դարաւոր թուրք թշնամիները։ Մեր մէջէն ամենաքարացեալ սառնասիրտներն իսկ կը մասնակցէին աս ողբ ու կոծին, որ երբեք բռնազբօսիկ չէր, ընդհակառակը՝ հակառակ զսպումի ամէն ճիգերու, կու գար մեր տանջուած հոգիներու խորքե-րէն եւ յուզումէ պոռթկացող ներքին յորձանքներէն։ Թերեւս տարաբախտ Կոմի-տաս վսրդապետ իր ամբողջ կեանքին մէջ այսքան յուզիչ երգած չէր երբեք Տէր Ողորմեան։ Որովհետեւ, մինչդեռ ամէն անգամ ի պաշտօնէ երգած էր «Տէր Ողորմեան», ուրիշներու ցաւերուն, վշտերուն, սուգին առ ի մխիթարութիւն, այս անգամ սակայն, «Տէր Ողորմեան» կ’երգէր իր իսկ վշտին, յոյզերուն ու յուզումնե-րուն համար, հայցելով սփոփանք մխիթարութիւն յաւիտենական Աստուծմէն, եւ սակայն լուռ կը մնար…։

Որպէս եզրաբակում կրնանք ըսել՝ շնորհիւ Կարինէ Աւագեանի պրպտում-ներուն եւ բացայայտումներուն, համրիչը դուրս եկած է լքուած վիճակէն եւ դարձած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի վաւերագիր մը: Կը մէջբերեմ Կարինէ Աւագեանի խօսքը.

– Համրիչը եղած է մի պատմութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչ:

Օգտագործուած աղբիւրներ

  1. Աւագեան, Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2000:
  2. Աւագեան, Կարինէ, Չանղըրըի 1915 թ Ապրիլ 11, յիշատակ, «Հանդէս ամսօրեայ», 2000:
  3. Աւագեան, Կարինէ, Եղեռնապուրծ մասունք, վաւերագիր վկայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրական հարցեր, Երեւան, 2002:
  4. Իշխանեան, Վահան, Փորագրութիւններ քարերի վրայ. նոր գիրքը կապում է թզբեհի աքսորեալներին իրենց պատմութիւններին, Երեւան, 28 Փետրուար 2003:
  5. Մարտիրոսեան, Նայիրի, Թանգարանային համրիչի պեղումները շարունա-կուում են, Երեւան, 27 Ապրիլ 2007:
  6. Պալաքեան, Գրիգորիս, Ծ. Վ., Հայ Գողգոթան,
  7. Փափաջանեան, Աննա, Մի ցուցանմուշի պատմութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչը, Երեւան, 15 Նոյեմբեր 2014: