Մշոյ Սուրբ Առաքելոց Վանքը Վերականգնելու Կոչ Ուղղուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական Մշոյ Սուրբ Առաքելոց այցելած շարք մը քաղաքացիներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ «1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահ Թուրկայ Օզլիւն, տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են վերականգնելու Մշոյ Սուրբ Առաքելոց կիսաւեր վանքը։ Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով «Անատոլու» թրքական լրատուական գործակալութեան հրապարակումը։

Ըստ աղբիւրին՝ թուրք քաղաքացիները շրջած են գանձագողերու կողմէն աւերուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ փափաքած են, որ պատմական յուշարձանը վերանորոգուի՝ տուեալ շրջանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նկատառումով։

«1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահը գործակալութեան թղթակիցի հետ զրոյցին յատկապէս յայտնած է․ «Իբրեւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւն՝ առիթ ունեցանք այցելելու այս վայրը, ուր ուսումնասիրութիւններ կատարեցինք։ Եկեղեցին ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ է, որուն հիմնական պատճառը գանձ որոնողներու եւ անգիտակից մարդոց վերաբերմունքն է։ Կը խնդրենք, որ նմանատիպ տեսարժան վայրերը վերանորոգուին՝ զարկ տալու համար զբօսաշրջութեան զարգացման»։

Թրքական պետական գործակալութիւնը, բնականաբար, չէ նշած վանքին հայկական ըլլալու փաստը։

Յիշենք, որ Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքը, որ ներկայիս կը գտնուի Մուշ նահանգի կեդրոնին ենթակայ Քեպենէք (Արաք) գիւղին մէջ, հիմնուած է 4-րդ դարուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն։ Մշոյ Սուրբ Առաքելոցը նախքան 1915 Հայոց Ցեղասպանութիւնը տուեալ շրջանի ամենանշանաւոր սրբավայրերէն մէկն էր։ Վանքը 1960-ին պայթուցիկով կորուստի մատնուած է Մշոյ նահանգապետարանի կողմէն, որուն հետեւանքով այս վանական համալիրէն մեր օրերը հասած են միայն 2 եկեղեցի։ Վանքը վերանորոգուած է 1125-ին։ Վանքի արեւելեան կողմը 9 խաչքար կար։ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերը յարձակած են վանքին վրայ եւ սպանած են եկեղեցւոյ վերջին սպասաւոր Յովհաննէս Վարդապետ Մուրատեանը։

Թարգմանիչ՝ Մելինէ Անումեան

https://www.haberler.com/mus-ta-tahrip-olan-kiliseyi…/