Արման Թաթոյեան ԱՄՆ Քոնկրեսականին Ներկայացուցած է Նոյեմբեր 16-ի Ազրպէյճանական Ներխուժումը Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածք

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ քոնկրեսական Ադամ Շիֆի հետ քննարկման ընթացքին ներկայացուցած եմ ազրպէյճանական իշխանութիւններու, զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ գիւղերու մօտ զինուած յարձակումներուն, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումով ճանապարհներու արգելափակումներուն իրաւական հիմքերէն զուրկ ըլլալու փաստերը։ Այս մասին գրած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան։

Քննարկումը կազմակերպուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանին կողմէ (The Armenian National Committee of America-Western Region (ANCA Western Region), որուն մասնակցած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան տարածաշրջանի (ANCA-WR) յանձնախումբի ղեկավար տիկին Նորա Յովսէփեանը, Ժամանակաւոր գործադիր տնօրէն Վերճինի Թուլումեանը (Verginie Touloumian) եւ Կառավարութեան հարցերով համակարգող Ռուբէն Կարապետեանը:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ԱՄՆ քոնկրեսականին ներկայացուցած է 2021թ. Նոյեմբեր 16-ի ազրպէյճանական ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք Սիւնիքի մէջ, որ ուղեկցուած է քաղաքացիական բնակավայրերու անմիջական հարեւանութեամբ ազրպէյճանական ուժերու յարձակումներով՝ իրական վտանգի ենթարկելով խաղաղ բնակիչներու կեանքի իրաւունքն ու առողջութիւնը: Պաշտպանը ներկայացուցած է նաեւ ազրպէյճանական ներխուժումներն ու մարդու իրաւունքներու խախտումները Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մէջ:

Ազրպէյճանական զինուած ծառայողները անօրինական տեղակայուած են ՀՀ քաղաքներու եւ գիւղերու միջեւ ճանապարհներուն վրայ, որոնք կը վտանգեն մարդոց կեանքն ու առողջութիւնը, կը խաթարեն մարդոց բնականոն կեանքը։

Արման Թաթոյեան անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայկական կողմի գերիներու (ներառեալ՝ Նոյեմբեր 16-ին գերի տարուածները) անյապաղ վերադարձին եւ արհեստական, իրաւական հիմքերէ զուրկ դատավարութիւններուն՝ կարեւոր համարելով միջազգային ատեաններուն արձագանգը:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսական Շիֆին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ իր աշխոյժ գործունէութեան համար։

Արման Թաթոյեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հովանաւորուող հայատեացութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող երկու ժողովուրդները թշնամանքի մէջ պահելու նպատակային քաղաքականութիւն է, որ կը վտանգէ նաեւ այդ երկիրներու կայունութիւնն ու մարդու իրաւունքներու համակարգը։