Խորհրդային Միութեան Փլուզման 30-ամեակին Նուիրուած Շարժապատկերի Փառատօն Լոս Անճելըսի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ 4-6 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Խորհրդային Միութեան փլուզման 30-րդ ամեակին նուիրուած շարժապատկերի փառատօն մը։

Հայագիտականի եւ համալսարանի շարք մը այլ բաժանմունքներուն համագործակցութեամբ կազմակերպուած եւ համալսարանի զանազան սրահներուն մէջ իրականացուելիք փառատօնին պիտի ցուցադրուին ռուսական, հայկական եւ միջազգային ֆիլմեր եւ ծրագրուած են հանրային քննարկումներ։

Ամբողջական յայտագրին ծանօթանալու եւ արձանագրուելու համար այցելել https://visionsandvoices.usc.edu/eventdetails/?event_id=37352617014154 կայքէջը։