ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան Անդամները՝ Արցախի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախ մեկնած Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամները եւ գրասենեակի տնօրէնը՝ 8-9 Հոկտեմբերին այցելեցին Ստեփանակերտի, Աշանի եւ Ակնաբերդի մէջ գործող ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզները, «Քերոլայն Քոքս»-ի անուան վերականգնողական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ կազմակերպուած համերգին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

«Փափաքեցանք ամբողջական կազմով այցելել եւ ականատես ըլլալ մեր բոլոր ծրագիրներուն, անձամբ օժանդակել, մեր օգնութիւնը տրամադրել մանաւանդ մեր հովանաւորած մանկապարտէզներուն եւ աշակերտներուն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փոլատեան:

8 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ անոնք հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) անդամներուն հետ։ ԿԿի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, ողջունելով ՀՕՄ-ականներուն այցելութիւնը՝ կարեւոր նկատեց Արցախի համար դժուար ժամանակներուն միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը, Արցախի մէջ տարիներ շարունակ իրականացուող բարեսիրական ծրագիրները:

Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեան եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, նախքան Արցախ այցելելը, հանդիպում ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հետ, իսկ Երեւան վերադառնալէ ետք այցելեց ծերանոցներ եւ Վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական կեդրոնը:

Ըստ Սիլվա Փոլատեանի՝ Շռջանային վարչութեան անդամները  յուզուած են, բայց իրենց առաւելագոյնը պիտի ընեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին կանգնելու համար: «Մօտէն տեսանք մանուկները, ծանօթացանք տարբեր ընտանիքներու ընկերային պայմաններուն եւ փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ, ուժ տալ անոնց, որպէսզի շարունակեն պայքարը»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ականտես եղանք Արցախի ժողովուրդին ապրած իրավիճակին, տեսանք, թէ անոնք ի՛նչ մարտահրաւէրներ կը յաղթահարեն, նկատեցինք, որ մեր ըրածը ոչինչ կը համարուի Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն հետ բաղդատելով: Համոզուած եմ, որ ամբողջ կազմով այստեղի ժողովուրդին ոգիով ներշնչուած եւ փոխուած պիտի վերադառնանք, մեր կարգին ոգեւորենք Սփիւռքի մեր ընկերուհիները, որպէսզի աւելի զօրաւոր կանգնին Հայաստանի ու Արցախի կողքին: Մենք մղիչ ուժը պէտք է հանդիսանանք, որպէսզի Սփիւռքը աւելի մեծ ուժով միանայ մեր բոլոր ծրագիրներուն»։