Արցախի Մէջ Սեպտեմբեր 27-ին, Ժամը 11:00-ին՝ Լռութեան Րոպէ եւ Հոգեհանգիստի Արարողութիւն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական համապատասխան յանձնաժողովին որոշումով՝ Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 11:00-ին, հանրապետութեան ողջ տարածքին կը յայտարարուի մէկ րոպէ լռութիւն՝ ի յիշատակ 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի նախագահի աշխատակազմին փոխանցած տեղեկութիւններէն։ 

Նոյն օրը, ժամը 10:30-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։